Թուրքիոյ մէջ ազգայնամոլութիւնը աճ արձանագրած է վերջին տարիներուն, թէ՛ հասարակական եւ թէ՛ իշխանութիւններու մակարդակին վրայ, հակառակ իսլամական կուսակցութեան մը երկրի ղեկին գտնուելու իրողութեան:
Այս աճը, որ յաճախ կը նկատուի հակազդեցութիւն Եւրոպական միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացի ելեւէջներուն, Կիպրոսի տագնապին, Իրաքի մէջ քրտական ազգային զարթօնքին ու նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արշաւին, կը դրսեւորուի ամբոխային բռնարարքներով ու հաստատութենական խարխափումներով: Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի շքախումբին դէմ յարձակման փորձը (Յունուար 2006), Տրապիզոնի եւ Սամսոնի մէջ երկու կաթողիկէ հոգեւորականներու սպանութիւնն ու դաշունահարումը (յաջորդաբար՝ Փետրուար եւ Յուլիս 2006), 1955ին Պոլսոյ յոյներու սպանդին նուիրուած ցուցահանդէսին խուժանավարի խափանումը (Սեպտ. 2005) եւ առհասարակ այլախոհ դէմքերու դէմ իւրաքանչիւր առիթով կիրարկուող ոտնձգութիւնները ցուցանիշ են հիւանդագին ազգայնամոլութեան: Միւս կողմէ, 2005ին իբրեւ բարեփոխում որդեգրուած Թուրքիոյ քրէական նոր օրէնսգիրքի 301րդ տխրահռչակ յօդուածին հիման վրայ կատարուող հաւատաքննական դատավարութիւնները ու Պերլինի մէջ «Թալէաթ փաշա» գործողութեան նման պաշտօնական նախաձեռնութիւնները կը վկայեն, թէ նման հասարակական ախտին, պետական՝ դատական, գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութիւններու մակարդակին վրայ եւս առկայ է անհանդուրժողութեամբ յատկանշուող ազգայնամոլութեան հուժկու ալիք մը:
Թուրք այլախոհ պատմաբան Թանէր Աքչամ ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ազգայնամոլական տրամադրութիւնները կը նկատէ միաժամանակ ֆաշականութեան նախադրեալներով պարուրուած ու շարունակութիւն՝ 20րդ դարուն սկիզբը Հայկական Ցեղասպանութիւնը իրագործած Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան (Երիտ. թուրքեր) արժէքային համակարգին: Պէտք է նկատել նաեւ, որ Երիտ. թուրքերու դաւանած համաթուրանական ցեղապաշտական գաղափարախօսութեան գոյատեւումը չէ արգիլած, որ Հանրապետական Թուրքիոյ հիմնումէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ կիրարկուի դասական հասկացողութեամբ ազգայնամոլութիւն, ի մտի ունենալով, որ թուրքերը եւ Կեդրոնական Ասիոյ իրենց ցեղակիցները միշտ քաղաքական նոյն ճամբարին չեն պատկանած: Հետեւաբար, Թուրքիոյ մէջ համաթուրանական ցեղապաշտութիւնը եւ թրքական ազգայնականութիւնը յաճախ զիրար ամբողջացնող եւ երբեք՝ հակասող յարաբերակցութեան մէջ գտնուած են:
Վերջին յիսնամեակին, թրքական ազգայնամոլութեան հիմնական կրողը ու զայն գործնականօրէն՝ գործունէութեամբ թարգմանողը եղած է ծայրայեղ աջակողմեան Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը (ԱՇԿ, Միլիյէթճի Հարաքէթ Փարթիսի) եւ անոր երիտասարդական-զինուորական թեւը՝ Գորշ գայլեր կազմակերպութիւնը:
ԹԻՒՐՔԷՇԻ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ
Գորշ գայլեր մայր կուսակցութիւնը հիմնուած է 1960ականներու վերջաւորութեան, սակայն զարգացումները, որոնք պարարտ հող պիտի պատրաստէին կազմակերպութեան ծայրայեղ ազգայնամոլական գործունէութեան, ունին աւելի վաղ պատմութիւն ու կ’առնչուին կուսակցութեան հիմնադիր ու երկարամեայ ղեկավար զօր. Ալփասլան Թիւրքէշի զինուորական գործունէութեան ու գաղափարական համոզումներուն: Թիւրքէշ (ծնեալ՝ Նիկոսիա, 1917, բուն անունով՝ Հիւսէյն Ֆէյիզուլլահ) երիտասարդութեան շրջանէն ունեցած է հակահամայնավար աշխոյժ գործունէութիւն, միշտ տարածելով աշխարհի թուրք ժողովուրդները միացնելու իր տեսլականը: Միաժամանակ, եղած է Հիթլէրի գաղափարախօսութեան հետեւորդ ու ջատագով: Անդամակցած է 1939ին Թուրքիոյ մէջ նացի Գերմանիոյ դեսպան Վոն Փափէնի յառաջացուցած՝ նախկին իթթիհատականներէ ու համաթուրանականներէ բաղկացած կազմակերպութեան՝ «Յեղափոխական միաւորներ»ուն: Հետագային, նացի իշխանութիւնները թրքական բանակի այս բաժանմունքը պիտի օգտագործէին զինուորական երկու յեղաշրջումներու համար, որոնք պիտի պսակուէին ձախողութեամբ:
Նացի Գերմանիոյ ու ֆաշական Իտալիոյ շիջումով, Թուրքիոյ զինուորական-քաղաքական վերնախաւի ազգայնական շրջանակներու հովանաւորութիւնը պիտի անցնէր Միացեալ Նահանգներուն: 1948ին, Թիւրքէշ գաղափարակից խումբ մը զինուորականներու հետ կ’ուղարկուի Միացեալ Նահանգներ, ուր մինչեւ 1955 կը մասնագիտանայ հակահրոսակային (հակա-կերիլլայական) պատերազմագիտութեան մէջ: 1960ին, թրքական բանակի քեմալականները, ամերիկեան աշխարհակալութեան դիմադրելու եւ Ատնան Մենտերէսի կառավարութեան կոշտ քաղաքականութեան վերջ տալու պատրուակով, կ’իրականացնեն պետական հարուած մը, որուն իր որոշիչ մասնակցութիւնը կը բերէ Թիւրքէշ, ապա ստանձնելով նաեւ յեղաշրջականներուն բանբերի պաշտօնը: Յեղաշրջումէն ետք, ներբանակային պայքարներու իբրեւ արդիւնք, կը հեռացուի դէպի Նիւ Տելհի, իբրեւ դեսպան: Թուրքիա վերադարձին, Թիւրքէշ հանգստեան կը կոչուի բանակէն, կ’անդամակցի ցեղապաշտական ու ֆաշական արեւելում ունեցող՝ «Հանրապետական գիւղացիներու» Ազգ կուսակցութեան, եւ կը ստանձնէ անոր ղեկավարութիւնը: 1969ին կուսակցութիւնը կ’անուանուի Ազգայնական շարժում կուսակցութիւն, իսկ Ալփասլան Թիւրքէշ կը հռչակուի գերագոյն ղեկավար:
ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՉԵՐՄ ԳՈՐԾԱՐՔՆԵՐ
Իր հիմնումի առաջին տարիներուն իսկ, Գորշ գայլերը կը լծուի բազմամարզ աշխատանքի, յատուկ ուշադրութիւն ընծայելով կրթական, ապահովական, ոստիկանական, մաքսային ու դատական համակարգեր թափանցելու աշխատանքին, մինչ Թիւրքէշ, 70ականներուն Թուրքիոյ կառավարութիւնները կազմած ազգայնական ուժերուն հետ դաշնակցելով, կը հասնէր մինչեւ փոխվարչապետի պաշտօնին: Թափանցումի այս աշխատանքը լծակներու ապահովման կողքին նաեւ անփոխարինելի միջոց էր Գորշ գայլերու երիտասարդական քատրերու մարզումին ու զինումին համար: Սակայն լուսարձակներէ հեռու, նոյն տարիներուն կը կերտուէր յարաբերութիւններու այլ ոլորտ մը, որ կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենար Գորշ գայլերու գործելադաշտի յստակեցման մէջ:
Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ու ապահովական մարմինները, 1950ականներուն, ՆԱԹՕի անդամ եւ Խորհրդային Միութեան յարակից երկիրներուն մէջ սկսած էին կազմել, մարզել ու զինել ընդյատակեայ գաղտնի կազմակերպութիւններ, որոնք կոչուած էին հրոսակային գործունէութեամբ կռնակէն հարուածելու խորհրդային ուժերը, ներխուժման մը պարագային: Այս կազմակերպութիւններէն ամէնէն նշանաւորը իտալական «Կլատիօ»ն էր, բացայայտուած 1990ականներուն: Ընդյատակեայ այս ուժերը սակայն, իրենց ստեղծման առաջին օրէն իսկ կ’օգտագործուին ներքին՝ տեղական նպատակներով: Յաճախ իբր «Սուփըր-նաթօ» նշուող այս ցանցի թրքական թեւը կազմուած էր Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕի անդամակցութեան տարին (1952), ու կը կոչուէր Մարտավարական զօրաշարժի խումբ (ՄԶԽ, Tactical Mobilisation Group). անոր հրամանատարութիւնը հաստատուած էր «Ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան առաքելութիւն» կազմակերպութեան (Սի.Այ.Էյ.ի հանգոյց մը) կեդրոնին մէջ: Աւելի ուշ, ՄԶԽն վերակազմուեցաւ ու անուանուեցաւ Պատերազմական յատուկ բաժանմունք՝ ենթակայ ուղղակի թրքական բանակի սպայակոյտի պետին: Այս բաժանմունքին գործողութիւններու միաւորը՝ Հակահրոսակային կազմակերպութիւնը, որ կը զբաղէր ահաբեկչութեամբ, առեւանգումներով ու խափանարարական տարբեր արարքներով, իր ամբողջական հովանիին տակ առաւ Գորշ գայլերը, մարզումի եւ զինումի առումով:
Այսպէս, մինչ 70ականներուն Թուրքիոյ մէջ կը նշմարուէր ժողովրդավարական զարթնումի ձախամէտ շարժում մը, Գորշ գայլեր կը թեւակոխէր գործունէութեան նոր շրջան մը, որու ընթացքին պիտի իրականացնէր մտաւորականներու, ակադեմականներու, արհեստակցական պատասխանատուներու, ուսանողներու եւ առհասարակ հանրային գործիչներու հարիւրաւոր սպանութիւններ: Իսկ Հակահրոսակային կազմակեպութիւն-Գորշ գայլեր-թրքական գաղտնի սպասարկութիւններ միացեալ գործողութիւններէն կարելի է յիշել 1977 Մայիսին աշխատաւորներու դէմ կատարուած գործողութիւնը, երբ սպաննուեցան ու զրահապատ կառքերու անիւներու տակ տրորուեցան 39 աշխատաւորներ (աւելի քան 200 վիրաւոր), 1978 Մարտին Պոլսոյ համալսարանին մօտ հաւաքուած ուսանողներուն դէմ արագահարուածներով ու ձեռնառումբերով յարձակումը, որ պատճառեց զոհեր ու վիրաւորներ, 1979ին Մարաշի քիւրտերուն եւ ալեւիներուն դէմ կատարուած եռօրեայ գործողութիւնը, որ պատճառեց աւելի քան 1000 զոհ, առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան: Գորշ գայլերը 1974ին մասնակցեցան Կիպրոս ներխուժման, իսկ 1981ին համաշխարհային ճանաչում ստացան, երբ Գորշ գայլ մը՝ 23ամեայ Մեհմետ Ալի Աքչա, մահափորձ կատարեց Հռոմի պապին դէմ:
Գորշ գայլերու ոճրային արարքները եւ անոնց ստեղծած ապահովական վիճակը ճամբայ հարթեցին Սեպտեմբեր 1980ի զինուորական պետական հարուածին, որմէ ետք Թուրքիոյ բոլոր կուսակցութիւնները, ներառեալ ԱՇԿն արգիլուեցան: Թիւրքէշ եւ այլ ղեկավարներ բանտարկութեան ենթարկուեցան, սակայն ան 1985ին ազատ արձակուեցաւ առողջական պատճառներով: Թիւրքէշ 1987ին հատուածական վայրագութիւն հրահրելու ամբաստանութեամբ դարձեալ արգելափակուեցաւ, սակայն աւելի ուշ ընդհանուր ներման մը շնորհիւ ազատ արձակուեցաւ: Հակառակ քաղաքական այս սահմանափակումներուն, Գորշ գայլերը, անբաժան մասնիկը ըլլալով Թուրքիոյ ազգայնական ծրագիրին, բնականոն կը շարունակէր իր գործունէութիւնը:
ԳՈՐՇ ԳԱՅԼԵՐՈՒ ՀԱԿԱՔԻՒՐՏ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
Եօթանասունականներուն խմորուիլ սկսած քրտական շարժումը 80ականներուն կը հասնէր բիւրեղացման աստիճանի եւ կը ժայթքէր իբրեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (ՔԲԿ, PKK) զինեալ պայքար: Քրտական հարցը ի սկզբանէ կազմած է Գորշ գայլերու հիմնական թիրախը: ԱՇԿի քաղաքական գործիչները ստանձնած էին քիւրտեր եւ անոնց դատը վարկաբեկելու աշխատանքը, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Եւրոպայի մէջ, հրապարակային կարգախօսներով եւ հակաքիւրտ գրականութեան տարածմամբ: Ա. Թիւրքէշի «ՔԲԿի զինեալները հայեր են», «Քիւրտերը սերած են հայերէ» պնդումները կը յանկերգուէին ազգայնամոլ լրատուամիջոցներու կողմէ, մինչ քրտաբնակ նահանգներու մէջ Գորշ գայլերու տեղական ուժեր ամէնօրեայ դրութեամբ կ’իրականացնէին քիւրտերու կեղեքում եւ սպանութիւններ:
Թրքական իշխանութիւններու հակաքիւրտ պայքարը նոր մակարդակ նուաճեց 1994ին, երբ ստեղծուեցաւ այսպէս կոչուած «Ընտրանի բանակը», որուն յառաջացումը Ալփասլան Թիւրքէշ պահանջած էր տասնամեակներ առաջ: Այս բանակին անդամները, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմէին Գորշ գայլերը, կը մարզուէին գերմանական «Ճի.Էս.Ճի.9»ի կողմէ յատուկ կազմաւորման ենթարկուած մարզիչներու կողմէ: Պաշտօնապէս «ահաբեկչութեան» դէմ պայքարելու համար ստեղծուած այս զօրաբաժինը իրականութեան մէջ իբրեւ միակ օրակարգ ունէր քրտական շարժումի ճնշումը. գիւղերու ամբողջական հրկիզումը յատուկ գործելաձեւ էր «Ընտրանի բանակին»: Այս բանակի ստեղծումով գործնականապէս վերացուեցաւ Թուրքիոյ ապահովական ուժերու եւ Գորշ գայլերուն միջեւ աշխատանքային բաժանումի դրութիւնը եւ Գայլերը կանաչ լոյս ստացան իրենց ծրագիրը իրականացնելու թրքական բանակին տարազով, պետական դրօշի ներքեւ:
ՍՈՒՍՈՒՐԼՈՒՔԻ
ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆԸ
Այսպէս, տասնամեակներ շարունակ Գորշ գայլերը գործակցած է թրքական իշխանութիւններու, բանակին ու կազմակերպուած ոճիրի հեղինակութիւններու հետ, յագուրդ տալու համար իր ազգայնամոլական մոլուցքին, միաժամանակ իրականացնելու համար պետական պատուէրներ (ներքին ընդդիմադիրներու չէզոքացում, քիւրտերու ճնշում, եւայլն): Հակառակ անոր, որ քուլիսային այս գործակցութիւնը ծանօթ էր շատերուն, ոչ մէկ հատու փաստ գոյութիւն ունէր, գէթ մինչեւ 3 Նոյեմբեր 1996, որ կարողանար իրարու կապել այս գործունէութեան տարբեր ծալքերը: Նշեալ թուականին, Անգարայէն 100 մղոն հեռաւորութեան վրայ, Սուսուրլուք աւանին մէջ պատահած ինքնաշարժի արկած մը եկաւ ցնցելու Թուրքիոյ քաղաքական համակարգի հիմերը: Ճամբեզրին շրջած ինքնաշարժէն դուրս բերուեցան երեք դիակներ եւ մէկ ծանր վիրաւոր՝ Թանշու Չիլէրի «Ճշմարիտ ուղի» կուսակցութեան անդամ եւ օրին Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Սետար Պուչաք: Պուչաք, հրոսակապետ մը, ծանօթ էր Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան նահանգներուն մէջ իր անձնական բանակին միջոցով իր կազմակերպած կեղեքումներով:
Արկածի զոհերու շարքին էր Պոլսոյ նախկին փոխոստիկանապետ, ոստիկանական ակադեմիայի նախկին տնօրէն Հիւսէյն Քոչատաղ՝ կարեւոր մասնակից մը Թուրքիոյ հակաքիւրտ արշաւին: Անոր կողքին փռուած էր նախկին Միսս սինեմա մը. իսկ երրորդ սպանուածը փախստական Գորշ գայլ մըն էր՝ Ապտիւլլա Չաթլը, անկասկած՝ ամէնէն խնդրայարոյցը Սուսուրլուքի զոհերէն: Ինքնաշարժին մէջ գտնուած են նաեւ մեծ քանակով զէնք ու զինամթերք, ատրճանակի խլացուցիչներ, թմրեցուցիչ եւ լրտեսական սարքեր: Չաթլըի վրայ գտնուած է զէնք կրելու կառավարական արտօնագիր, իր պատկերը կրող, տարբեր անուններով վեց կեղծ անձնագիր, որոնցմէ մէկը զինք կը նկարագրէր իբրեւ Մեհմէտ Օզպէյ՝ ապահովական պատասխանատու մը (այս վկայագիրը կը կրէր երկրի ներքին գործոց նախարարի ստորագրութիւնը): Ի դէպ, 1981ին պապին դէմ մահափորձ կատարած Մեհմէտ Ալի Աքչայի կրած կեղծ անձագիրը եւս զինք կը նկարագրէր իբրեւ Մեհմէտ Օզպէյ…
Չաթլը 1970 ականներէն ի վեր հանդիսացած է Ալփասլան Թիւրքէշէն ետք երկրորդ կարեւորագոյն անձը Գորշ գայլերու կազմակերպութեան մէջ, ըլլալով գետնի վրայ կազմակերպութեան գործողութիւններու պատասխանատուն եւ պետական ու կազակերպուած ոճիրի ուժերու հետ համակարգողը: Սուսուրլուքի դէպքէն ետք բազմաթիւ քննութիւններ լոյս սփռեցին Չաթլըի գործունէութեան վրայ: Չաթլը եօթը ձախակողմեան գործիչներ սպաննած ըլլալու յանցանքով 1978ին ի բացակայութեան բանտարկութեան դատապարտուած էր, որուն պատճառով անցած էր ընդյատակեայ գործունէութեան: 1982ին ձերբակալուած է 1979ին «Միլլիյէթ» թերթի խմբագիր Ուղուր Մումճուն ահաբեկած ըլլալուն համար բանտարկութեան ենթարկուած Մեհմէտ Ալի Աքչայի բանտէն փախուստը կազմակերպելու, զայն Եւրոպա փոխադրելու, պապին մահափորձին օգտագործուած ատրճանակն ու կեղծ անձագիրը տրամադրած ըլլալու ամբաստանութեամբ, սակայն ազատ արձակուած է «փաստերու անբաւարարութեան» հետեւանքով: Ըստ «Լը Մոնտ տիփլոմաթիք» ամսաթերթին (Մարտ 1997), պապին մահափորձը կազմակերպած է նոյնինքն Չաթլը, փոխան 3 միլիոն գերմանական մարքի, զորս պատուիրատուները խոստացած են Գորշ գայլերուն: Չաթլը ապա կ’անցնի Ֆրանսա, ուր շարք մը յարձակումներ կ’իրականացնէ հայկական թիրախներու դէմ: Թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան յանցանքով կը ձերբակալուի Փարիզի մէջ, կը դատապարտուի եւ 1982ին կը փոխանցուի Զուիցերիա, ուր եւս կը հետապնդուէր նոյնանման ամբաստանութիւններով: 1990 Մայիսին կը յաջողի խոյս տալ բանտէն, խորհրդաւոր պայմաններու մէջ, ապա կը վերադառնայ Թուրքիա, ուր իր մասնագիտական ծառայութիւնները ի սպաս կը դնէ Թանշու Չիլէրի ծրագիրներուն:
(Վերջը յաջորդով)