Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսիա արձագանգեցին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Փելոսիի՝ Երեւան տուած երկօրեայ այցելութեան ընթացքին անոր կատարած յայտարարութիւններուն:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անընդունելի նկատեց «անհիմն եւ անարդար մեղադրանքները, զորս Փելոսի Ատրպէյճանի հասցէին հնչեցուց»՝ աւելցնելով, որ ասիկա լուրջ հարուած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն:
«Այդօրինակ միակողմանի քայլերը եւ անհիմն յայտարարութիւնները չեն նպաստեր շրջանին մէջ փխրուն խաղաղութեան ամրապնդման, ճիշդ հակառակը՝ կը մեծցնեն լարուածութիւնը», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Անգարա իր կարգին, Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայի միջոցաւ քննադատեց Փելոսիի՝ Երեւանի մէջ կատարած յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բախումներունմասին յայտարարութիւնները կողմնակալ նկատելով եւ դիտել տալով, որ անոնք կը խափանեն դիւանագիտական ջանքերը:
Օքթայ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է, թէ Սպիտակ տունը պէտք է պարզաբանէ, թէ արդեօք «Փելոսիի եւ հայկական լոպիի աջակցութիւնը վայելող քանի մը քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւնները կ՛արտացոլացնե՞ն պաշտօնական Ուաշինկթընի տեսակէտը։ Կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային բոլոր դերակատարներուն՝ պատասխանատու կերպով գործելու այնպիսի փուլի, երբ տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան կարիք կայ»:
Քրեմլին պատրաստ է ողջունելու Փելոսիի Երեւան այցելութիւնը, եթէ անիկա պիտի օգնէ կարգաւորելու իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ:
«Այն, ինչը խօսքերով չէ, այլ գործով է, ոչ-բարձրաձայն, ոչ-ամբոխավարական է, այլ խորքին մէջ հանգիստ եւ գործնական է՝ կրնայ նպաստել յարաբերութիւններու կարգաւորման, կրնայ նպաստել սահմանին իրավիճակի կայունացման՝ ողջունելի է մեզի համար», յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով՝ աւելցնելով. «Կրնա՞ն արդեօք այդ բարձրաձայն գործողութիւնները եւ յայտարարութիւնները նպաստել կարգաւորման՝ կը տեսնենք: Ժամանակի ընթացքին անիկա հասկնալի պիտի ըլլայ»: