Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի 18 Սեպտեմբերին խստօրէն դատապարտեց «Ատրպէյճանի անօրէն յարձակումները» Հայաստանի վրայ, տեղեկացուց «Արմենփրէս»ը։
Փելոսի Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի Ալէն Սիմոնեանի հետ տուաւ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը:
Անկէ առաջ տեղի ունեցած առանձնազրոյցին ընթացքին, Սիմոնեան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները առանցքային տեղ կը գրաւէ Հայաստանի տնտեսական կեանքին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց 14 Սեպտեմբերի երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ձեռք բերուած փխրուն զինադադարի համաձայնութեան համար, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւն՝ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան, ներառեալ բազմաթիւ քոնկրեսականներու՝ վերջին զարգացումներուն հասցէական գնահատական տալնուն համար:
«Երբ մենք որեւէ երկիր կ՛երթանք, մեզի համար ապահովութիւնը կարեւոր է: Չէինք գիտեր, որ մեր այցելութիւնը պիտի համընկնի զինուորական գործողութիւններուն յաջորդող օրերուն: Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հպարտանանք, որ շրջապատուած ենք հայրենասէր հայերով, որոնք նաեւ մեր քաղաքացիներն են: Անոնք մեր ուժն են, մեր ամբողջութեան կարեւոր բաղադրիչը», ըսաւ Փելոսի:
Ան հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց հետեւեալը. «Հայաստանը մեզի համար կարեւոր նշանակութիւն ունի, եւ խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի սահմաններուն վրայ Ատրպէյճանի մահացու յարձակումները»: Ան վերահաստատեց ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը, թէ տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ:
«Մենք կը շարունակենք հետեւիլ իրադարձութիւններուն: Կ՛ուզենք հասնիլ Արցախի տագնապին բանակցային խաղաղ եւ տեւական լուծում գտնուելուն», յայտարարեց Փելոսի:
Պատասխանելով ՀԱՊԿի վերաբերեալ հարցումի մը՝ ան ըսաւ. «ՀԱՊԿին վերաբերեալ որեւէ բան չենք ըսեր, կը հասկնանք, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ այդ կազմակերպութեան մաս կը կազմէ: Սակայն մենք կ՛ըսենք հետեւեալը՝ մենք մտահոգ ենք Հայաստանի ապահովական վիճակով եւ կ՛ուզենք այս առումով կարելի եղածին չափ աջակցիլ Հայաստանին»:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ուժանիւթի եւ առեւտուրի հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ֆրանք Փալոն, պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, իր կարգին ըսաւ. «Մենք կը հասկնանք, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ Անվտանգութեան կազմակերպութեան մէկ մասն է: Ոչինչ կ՛ըսենք այդ մասին, սակայն շատ մտահոգ ենք Հայաստանի ապահովութեամբ եւ կը փորձենք հասկնալ, թէ Միացեալ Նահանգները ի՛նչ կրնայ ընել՝ առանց անդրադառնալու այդ զինուորական կազմակերպութեան», նշեց Փալոն:
«Ժողովրդավար աշխարհի մէջ շատ կարեւոր կը նկատենք Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը: Եւ ինչպէս պարոն Փալոն ըսաւ, մենք Հայաստանին այդ կառոյցներուն մէջ հաղորդակցութիւններու մասին որեւէ ըսելիք չունինք: Սակայն, Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը մեզի համար կարեւոր հարցեր են, եւ կ՛ուզենք այդ ուղղութեամբ մեր գործօն աջակցութիւնը ունենալ: Անշուշտ, Հայաստանը կու տայ այդ որոշումը, իսկ մենք մենք մեր պատրաստակամութեան մասին կրնանք խօսիլ»:
«Ներկայացուցիչներու տունը արդէն յառաջ մղած է բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ կը դատապարտենք Ատրպէյճանի գործողութիւնները», յայտարարեց Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճեքի Սփիր եւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերող հարցումին պատասխանելով՝ յայտնեց. «Յոյս ունիմ, որ այդ բանաձեւով յառաջ պիտի շարժինք: Ինչ կը վերաբերի մեր յանձնառութեան՝ պիտի շարունակենք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցիլ եւ դէմ պիտի ըլլանք Հայաստանի սահմաններու որեւէ փոփոխութեան»:
Նշենք, որ քոնկրեսական Փալոն նախապէս «Թուիթըր»ի վրայ յայտնած էր, որ քոնկրեսական այլ անդամներու հետ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի յարձակումը դատապարտող բանաձեւ մը: «Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ուղղուի՝ անյապաղ դադրեցնելու Ատրպէյճանին տրամադրուող որեւէ օգնութիւն եւ կը հաստատէ Ներկայացուցիչներու տան աջակցութիւնը Հայաստանին: Մենք պէտք է հզօր ուղերձ յղենք, որ Ալիեւի յարձակումը անընդունելի է», գրած է Փալոն:
«Այցելութիւնս շատ աւելի կանուխ ծրագրուած էր, սակայն այնպէս եղաւ, որ մենք այստեղ եկանք այն պահուն, երբ կրնանք անձամբ խստօրէն դատապարտել Ատրպէյճանի անընդունելի եւ սպառնալից գործողութիւնները, որոնք կը վտանգեն խաղաղութեան հոլովոյթի յաջողութիւնը, աւելի ուշ յայտնեց Փելոսի «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ:
Ան յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լուծման: «Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ եւ Հայաստանի բարեկամ, յանձնառու է աջակցելու բանակցային կայուն եւ խաղաղ հոլովոյթի լուծման: Միացեալ Նահանգները վաղուց շեշտած է, որ այս տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ: Շարունակաբար տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւնները նոր կեանքերու կորուստին եւ նոր տեղահանութիւններու պիտի յանգեցնեն, ու անոր համար մեծ գին պիտի վճարուի», ըսաւ Փելոսի:
Ան աւելցուց, որ նախագահ Պայտընի եւ Քոնկրեսին համար ասիկա առաջնահերթ ուղղութիւն է: «Մենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ աապահովութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան հարցերուն յանձնառու ենք», ըսաւ Փելոսի:
Ան շեշտեց Հայաստան այցելութեան ծիրին մէջ իր եւ քոնկրեսականներու այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու համար: «Շատ յուզիչ էր: Մենք իմացանք սոսկալի ճշմարտութիւնը, զոր թանգարանին մէջ մեզի ներկայացուցին», ընդգծեց Փելոսի՝ աւելցնելով. «Սակայն վէրքերը ամոքելու համար աշխարհը պէտք է ճանչնայ այն ոճրագործութիւնը, որ ոչ այլ ինչ էր, քան ցեղասպանութիւն: Ցեղասպանութեան ուղղութեամբ մեր ջանքերը պէտք է շարունակուին, որպէսզի նման ոճրագործութիւններ երբեք չըլլան: Մենք երբեք չենք կրնար զայն մոռնալ»:
Ան յիշեցուց, որ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ 2019ին ներկայացուց բանաձեւ մը, որ ո՛չ միայն կը դատապարտէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ պատմութիւնը ջնջելու ջանքերու դէմ էր անիկա: «Մենք կը մերժէինք բոլոր այն քայլերը, որոնցմով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կրնար ցեղասպանութեան մերժման հարցին հետ առնչութիւն ունենալ», նշեց Փելոսի:
«Ճօ Պայտըն Հայաստանի բարեկամն է, եւ մենք հպարտ ենք, որ ան ստորագրեց (Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը), նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հրաւիրեց ժողովրդավարութեան վեհաժողովին, որ շատ կարեւոր իրադարձութիւն էր: Այստեղ եմ ես՝ ըսելու, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աջակցելու Հայաստանի ժողովրդավարութեան: Եւ մենք դժուար պահերուն հայ ժողովուրդի կողքին ենք, երբ պայքար կ՛ընթանայ ժողովրդավարութեան եւ բռնատիրութեան միջեւ: Հայաստան այն վայրն է, ուր մենք կրնանք այս հակասութիւնները ակնառու կերպով տեսնել», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ ինք Ներկայացուցիչներու տան առաջին խօսնակն է, որ կ՛այցելէ Հայաստան: «Ես հիմա կանգնած եմ երկու երկիրներու դրօշներուն մէջտեղ, ասիկա կը փաստէ Հայաստանի հետ մեր գործընկերութիւնը», հաստատեց Փելոսի:
Ան Քոնկրեսին շնորհաւորութիւնը յղեց 21 Սեպտեմբերի՝ Հայաստանի անկախութեան տօնին ընդառաջ: