ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԵԱՀԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ ՀԵԼԿԱ ՇՄԻԹԻ ՀԵՏ
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 19 Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿի Ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթի հետ:
Միրզոյեան իր զրուցակիցին ներկայացուց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման մանրամասնութիւնները՝ մատնանշելով, որ անիկա գործադրուած է խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ դիտմամբ թիրախ դարձնելով, հայ զինուորներու եւ ռազմագերիներու նկատմամբ վայրագութիւններու եւ խոշտանգումներու իրականացումով:
Ան հաստատեց, որ Ատրպէյճանի յարձակումը կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային մարդկային իրաւունքի, ՄԱԿի կանոնադրութեան եւ Հելսինքեան եզրափակիչ ուխտի հիմնարար դրոյթները:
Միրզոյեան խստօրէն դատապարտեց ուժի կիրառումով իր առաւելապաշտական նկրտումներուն հասնելու՝ Ատրպէյճանի վարքագիծը, յատկապէս ընդգծելով ատրպէյճանական յարձակումին նկատմամբ միջազգային հանրութեան, նաեւ՝ ԵԱՀԿի յստակ եւ հասցէական արձագանգին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան ծիրին մէջ, համապատասխան գործիքակազմերու հրատապ գործարկման անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն՝ Արցախի տագնապի լուծման վերաբերող, կարեւոր նկատուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան դերը հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ լուծման մէջ:
Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ 44օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդասիրական հարցերուն՝ այս ծիրին մէջ մատնանշելով հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու անյապաղ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ ԵԱՀԿի ծիրին մէջ, Հայաստանի հետ համագործակցութեան ծրագիրները: