Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 19 Սեպտեմբերին հանդէս եկաւ միասնականութեան կոչով՝ եւ ըսաւ. «Հայոց պետականութիւնը կանգնած է նոր ու աղէտալի պատերազմի շեմին, որը կարող է ոչ պակաս ծանր հետեւանքների յանգեցնել, քան՝ 44օրեայ պատերազմը: Հաշուի առնելով վերահաս աղէտի վտանգը՝ համոզուած եմ, որ միակ լուծումը յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութիւնում բոլոր հիմնական դերակատարների ջանքերի համատեղումն է՝ միասնականութեան, անկեղծ երկխօսութեան ու ողջախոհութեան հիման վրայ: Անկախ այն բանից, թէ ինչ գործիքակազմով հնարաւոր կը լինի կանխել աղէտը, միեւնոյն է՝ նշածս համախմբումը պէտք է տեղի ունենայ, որպէսզի կարողանանք պատուով թօթափել այս ծանր ու վճռական մարտահրաւէրը»:
Խօսելով Արցախի մասին՝ Յարութիւնեան շեշտեց, որ Ռուսիոյ զբաղած եւ ուշադրութիւնը շեղած ըլլալուն պատճառով, ռուսական խաղաղապահներու երաշխիքները որոշ ճեղքերու ենթարկուած են, իսկ այս կացութենէն կ՛օգտուի Ատրպէյճան: Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ կարելի պիտի ըլլայ բարձրացնել Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան արդիւնաւէտութիւնը եւ ապահովել անոր անժամկէտ ներկայութիւնը Արցախի մէջ:
Ան անգամ մը եւս յորդորեց միջազգային հանրութեան դերակատարները՝ կատարելու իրենց պարտաւորութիւնները եւ ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ Արցախի անկախութիւնը:
Յարութիւնեան շեշտեց, որ անընդունելի է որեւէ փաստաթուղթ, որ կրնայ Արցախը դիտարկել իբրեւ Ատրպէյճանի մաս: «Կրկին հաւաստիացնում եմ, որ մենք չենք ընդունելու Արցախի ժողովրդի շահերին հակասող որեւէ փաստաթուղթ եւ այդ մասին յայտարարում եմ նաեւ հիմա՝ ի լուր աշխարհի», շեշտեց ան՝ աւելցնելով, որ բաց են ատրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւններով կարգաւորել բոլոր հիմնահարցերը, եւ անոր համար են պարբերական շփումները ատրպէյճանական կողմին հետ՝ անյայտ կորսուածներու որոնման, ջրային պաշարներու օգտագործման, ենթակառուցուածքներու վերականգնման ու կառուցման, գիւղատնտեսական աշխատանքներու կազմակերպման ի հարց:
Ան խօսեցաւ նաեւ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին մասին՝ դիտել տալով, որ կը նախատեսէ յառաջիկային կարեւոր քատրային եւ հաստատութենական փոփոխութիւններ կատարել պետական կառավարման համակարգին մէջ:
«Ուզում եմ ընդգծել այդ առումով իմ գլխաւոր որոշումներից մէկը՝ նախագահին կից ձեւաւորելու քաղաքական խորհուրդ, որում կը հրաւիրեմ ընդգրկուել Արցախի քաղաքական համակարգի բոլոր հիմնական դերակատարներին՝ նախկին նախագահներից ու այլ առանցքային պաշտօնատար անձանցից մինչեւ խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերի ղեկավարներ», ըսաւ Յարութիւնեան: