Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումին ընթացքին Պլինքըն Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց՝ զօրքերը ետ քաշելու, այս մասին կը տեղեկաղնէ «Արմէնփրէս»ը։
«Թուիթըր»ի իր էջին վրայ Պլինքըն գրած է, որ իր ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի 77րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ, որոնց յայտնեց, թէ ամուր, կայուն, դիւանագիտական ներգրաւուածութիւնը լաւագոյն ճանապարհն է իւրաքանչիւրին համար: Ան դիտել տուաւ, որ բախումներէն ետք ասիկա նախարարներուն միջեւ առաջին հանդիպումն է։
«Մեզ կ՛ոգեւորէ այն փաստը, որ բախումները դադրած են, եւ վերջին օրերուն նոր սրացում չեղաւ: Թէ՛ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային զրոյցներուն ընթացքին, երկու ղեկավարներն ալ ըսին, որ պատրաստ են խաղաղութեան», կ՛ըսէ Պլինքըն։
Հանդիպման ընթացքին Միրզոյեան ընդգծեց, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուին Հայաստանի ինքինիշխան տարածքէն, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումը անընդունելի են, իսկ հետագայ սրացումներու կանխարգիլման նպատակով պէտք է ներդրուին միջազգային գործիքակազմեր: Ան կարեւոր նկատեց մարդասիրական հարցերու, որոնց կարգին ռազմագերիներու հայրենադարձութեան շուտափոյթ կարգաւորումը:
Միրզոյեանը վերահաստատեց հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը` ներգրաւուելու յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Պլինքըն նախարարներուն կոչ ուղղեց՝ դարձեալ հանդիպելու այս ամսուան աւարտին։