ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 3ին, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու 28րդ նախագահ, հայանպաստ գործունէութեամբ յայտնի գործիչ Վուտրօ Ոիւլսընի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Կազմակերպիչներու հաստատումով, Հայաստանի պատմութեան էջերը չեն յիշեր համաշխարհային մեծութեան նման ազդեցիկ եւ կարեւոր մէկ այլ քաղաքական առաջնորդ, որ համաշխարհային ասպարէզին մէջ Հայաստանի շահերը պաշտպանած ըլլայ այդքան սկզբունքայնօրէն եւ նուիրուածութեամբ, ինչպէս Վ. Ուիլսընը:
ՀԱՀի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի դասախօս, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Արմէն Այվազեանի խօսքով, կարելի չէ ըսել, թէ Ուիլսըն նման քաղաքականութիւն կը վարէր, մասնաւորապէս՝ Հայկական հարցի լուծման մասով, որովհետեւ այդ կը բխէր իր երկիրի շահերէն: «Ընդհանրապէս, այս հարցերի շուրջ ԱՄՆում տեսակէտները շատ տարբեր էին, եւ Վ. Ուիլսընի առաջարկը՝ ստանձնել Արեւմտեան Հայաստանի մանդատը, Ծերակոյտը չպաշտպանեց», նշեց Ա. Այվազեան:
«Ազգային միասնութեան ուխտ» կուսակցութեան խորհուրդի նախագահ Ռաֆայէլ Համբարձումեանի խօսքով, անհրաժեշտ է, որ Ուիլսընի 150ամեակը նշուի Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: «Հայ ժողովրդի անզուգական բարեկամի յիշատակը յաւերժացնելու համար հարկաւոր է անուանակոչել փողոցներ եւ դպրոցներ, նրա մասին գիրք տպագրել, թողարկել նամականիշեր, ինչպէս նաեւ տեղադրել Ուիլսընի արձանը», առաջարկեց ան:
Նշենք, որ ԱՄՆ 28րդ նախագահը եղած է նաեւ Ազգերու լիկայի հիմնադիրը, Փարիզի Խաղաղութեան խորհրդաժողովի աւագ քաղաքական գործիչ, ինչպէս նաեւ Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակակիր: