
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու նպատակով, Ներկայացուցիչներու տան մէջ սկսած աշխատնքներուն զուգահեռ, Մեսեչուեցէն ծերակուտական Էտ Մարքի ստորագրահաւաք մը սկսած է Ծերակոյտին մէջ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ Մարքիին զօրակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած են ծերակուտականներ Քորի Պուքըր, Ալեքս Փըտիա, Ճեքի Ռոզըն, Պըրնի Սենտըրզ, Տեպի Սթեպընաու, Քրիս Վան Հոլըն եւ Ռան Ուայտըն։
Ծերակուտական Մարքի այս նպատակով իր հեղինակած նամակը յղած է արտաքին գործոց նածարար Քնթընի Պլինքընին եւ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ասթընին։ Նամակը կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան դրուատեց Մարքիի աշխատանքը՝ կրկնելով, թէ ամերիկեան ոչ մէկ աջակցութիւն պէտք է տրամադրուի քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանի բռնատիրութեան։
Յիշեցնենք, որ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ եւս աշխատանք կը տանի Ատրպէյճանին զինումը կասեցնելու նպատակով, փորձելով ապահովել ռազմական աջակցութեան Ատրպէյճան արտածումին կասեցումը պահանջող թիւ 907 յաւելուածին գործադրութիւնը։