
1.1 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԳՈՅԱՑԱՒ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐԷՆ ԵՒ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐԷՆ
ԷՐԻՔ ԷՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԵՒ ՔԻՄ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած իր խորհրդաժողովով եւ տարեկան ձեռնարկով ի մի բերաւ համայնքը, որուն ներկայացուցիչները վերանորոգեցին Հայկական Հարցին ի նպաստ պայքարելու իրենց նուիրումը։
Տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան յայտարարեց, թէ կազմակերպութեան գործունէութեան զարկ տալու նպատակով, համակիրներէն եւ բարերարներէն կարելի եղած է գոյացնել 1.1 միլիոն տոլար գումար մը, ինչպէս նաեւ անակնկալ նուիրատուութիւններ՝ «Խոստումը» հիմնարկի վարիչ Էրիք Էսրայէլեանէն եւ անոր հետ «Համաշխարհային ազդեցութիւն» մրցանակը կիսած Քիմ Քարտաշեանէն։
«Շերըթըն Եունիվըրսըլ»ի մէջ, Շաբաթ օր տեղի ունեցած խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին առաւել քան 500 անձեր։ Խորհրդաժողովը նուիրուած էր Արցախին եւ անոր մասնակցողներու շարքին էին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց Արցախի ներկայ իրավիճակը։
Իրենց կարգին, Արցախի մշակոյթի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ փրոֆ. Մաշինքա Ֆիրունց Յակոբեան մասնակցեցան Արցախի յուշակոթողներուն նուիրուած քննարկումին, որ համադրուեցաւ այդ ոլորտի մասնագէտ Սիմոն Մաղաքեանի կողմէ։

Աւելի ուշ, Հայաստանի մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները, որոնք պատերազմական ոճիրներու մակարդակին կը հասնին։ Անցեալ տարի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Մարդկային իրաւանց ախոյեան» մրցանակին արժանացած Թաթոյեանի առաջնորդած քննարկումը համադրեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Սարգիս Պալխեան։
Միջազգային դատարաններու մէջ հայութեան շահերը պաշտպանելու աշխատանքին նուիրուած քննարկումին իրենց մասնակցութիւնը բերին մասնագէտներ Եղիշէ Կիրակոսեան, Լեւոն Գէորգեան եւ Գառնիկ Քերքոնեան, իսկ քննարկումը համադրեց Կարօ Ղազարեան։
Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեաններու առատաձեռն նուիրատուութեամբ իրականացած խորհրդաժողովին ներկայ եղան նաեւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանէն առաւել քան 100 աշակերտներ։
Իսկ Կիրակի, 25 Սեպտեմբերին, առաւել քան 800 համայնքային գործիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին «Պերվըրլի Հիլթըն»ի մէջ տեղի ունեցած Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին, որ համաճարակին պատճառով տեղի չէր ունեցած 2019էն ի վեր։
«Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը ստացաւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ճեքի Սփիր, որ իբրեւ Քոնկրեսի երկու հայազգի անդամներէն մէկը, հայութեան շահերու անխոնջ պաշտպաններէն մէկն է եւ միայն անցեալ շաբաթ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի հետ Հայաստան այցելեց եւ ականատես դարձաւ Ատրպէյճանի բարբարոսութիւններու հետեւանքներուն։ Ան ձեռնարկէն անմիջապէս առաջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ Քոնկրեսին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի պատերազմական ոճիրները դատապարտող բանաձեւ մը, որ նաեւ Ուաշինկթընէն կը պահանջէ պատժամիջոնցեր որդեգրել Պաքուի դէմ, իսկ միջազգային ատեաններէն՝ հետապնդել նշեալ ոճիրները։

Այս տարուան ձեռնակի հովանաւորներն էին՝ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որոնք իրենց աննկուն առատաձեռնութեամբ դարձեալ ցոյց տուին, որ գործնականապէս նեցուկ կը կանգնին Հայկական Հարցին։
Ձեռնարկին ներկայ էին մեծ թիւով պաշտօնատարներ, իսկ մրցանակ ստացողներն էին՝ նախարար Դաւիթ Բաբայեան («Ազատութեան»), քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ («Արդարութեան ջատագով»), Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Սքաթ Ուիլք («Տարուան օրէնսդիրը»), իրաւաբաններ Կիրակոսեան, Գէորգեան եւ Քերքոնեան («Միջազգային արդարադատութեան ջատագովներ»), վեր. Պերճ Ճամպազեան («Խրիմեան Հայրիկ») եւ Ռեքս Քալամեան («Ժողովուրդի ախոյեան»)։
Մեծարուեցան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական ենթայանձնախումբի անդամները, որոնք կարեւոր աշխատանք կը տանին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պետական վարժարաններու մէջ դասաւանդել տալու նպատակով։ Յատուկ յիշատակումի արժանացան նաեւ Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներուն մասնակցողները։
Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։