Հայաստան կ՛ենթարկուի դրացիներու վայրագութիւններուն եւ եթէ ձախողի, վատ նորութիւն պիտի ըլլայ Արեւմուտքի համար։ Եւրոպա յիմարութիւն պիտի գործէ ուժանիւթի իր կախուածութիւնը Ռուսիայէն Ատրպէյճան տեղափոխելով։ Պարզապէս միապետութիւն մը միւսով փոխարինած պիտի ըլլայ, կը գրէ բրիտանական The Telegraph թերթը։
Թերթը կը նշէ, որ Կովկասի մէջ Պրիւքսէլի «վստահելի գործընկերը»՝ Ալիեւի բռնապետութիւնը, սպաննած է առաւել քան 200 անձեր իր ժողովրդավար դրացի Հայաստանի դէմ անողոք յարձակումներ ձեռնարկելով: Թերթը կ՛աւելցնէ, որ Կովկասի մէջ սպանդը կրնայ ապշեցուցիչ թուիլ, որովհետեւ Ալիեւ նաեւ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանի հետ։
«Նկատի ունենալով Պաքուէն Եւրոպայի աճող կախուածութիւնը եւ տկարացած վիճակը Ռուսիոյ, որ ապահովական պայմանագիր կնքած է Հայաստանի հետ եւ աւանդաբար կը միջնորդէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման, Ատրպէյճան այժմ կատարեալ պահ կը նկատէ Հայաստանը ամբողջապէս ենթարկուելու մղելու համար։
Արեւմուտքը այսօր նոյնքան անտարբեր է, որքան 2020ին, երբ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, որոնք կապուած են «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» քաղաքականութեամբ, համաճարակի օրերուն, Հայաստանի դէմ սանձազերծեցին համատեղ ռազմական գործողութիւններ, որոնց մասնակցեցան Սուրիայէն վարձկաններ, կանոնաւոր զօրքի կողքին։ Այդ պատերազմէն ետք, կարելի չէր չտեսնել, որ աշխարհի հնագոյն քրիստոնեայ պետութեան՝ Հայաստանի հանդէպ Ատրպէյճանի թշնամութիւնը հիմնուած էր ոչ միայն Ղարաբաղի շուրջ հողային տարաձայնութիւններուն, այլ հայոց նկատմամբ թրքական ժողովուրդներու գերակայութեան ազգայնամոլ հաւատքին վրայ։ Ասիկա պատմութեան շարունակութիւնն էր», կը գրէ թերթը եւ կ՛եզրակացնէ՝ ըսելով. «Human Rights Watch-ը ստուգած է Ատրպէյճանի կողմէ հայերու խոշտանգումներու բազմաթիւ տեսանիւթեր, որոնք հիներուն վրայ նոր սարսափներ կ՛աւելցնեն։ ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ սպառազինած եւ վերահսկած Ատրպէյճան այժմ իր ճամբան բացած է դէպի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը»։
Aram Manoukian is considered Father of Independence 1918;
Karekin Hejteh keeper of 6 months independence, after DUAL
INVASION 1920, turning Bolshevik. L. Der Bedrossian is the FATHER
OF SUBJUGATION, ACCEPTING BOLSHEVIK REGIME CONTINUATION.
During transit stop Montreal, VIP room reception, I suggested SOLAR,
AIR technology for FREER Energy, (construction expenses YEARLY
payable offer), rejected as NOT USABLE, proving his ENGAGED ENERGY
POLICY with Gazprom, now 3x MORE EXPENSIVE. Willing to stay under
bolshevik rule, IMPOSING SUCCESSIVE 3 REGIMES. PUSHING ARMENIA
BRINK TO RAVINE FOR TOTAL LOSS. LIKE NEW *VERST SARKIS OPENING
ANI TOWN DOORS TO FOREIGNERS*. Kept COVERED by KGB+ faithful
successors, FIRMLY NOT EXPOSING TRUTH. Foreigners REALIZING BIG
DANGER TO RELY AZERBAIJAN FAITHFULNESS( AS BLACK SCORPION),
NOW THEY ARE OBLIGED TO FIND GAS SUPPLY VIA *RELIABLE* ARMENIA
TRANSIT ROAD -SOUTH NORTH PASSAGE- BEING LENIENT TO PERSIA,
LESS DANGEROUS AS SUPPLIER. IF ACCEPTABLE, WE HAVE BRIGHT
FUTURE: 200 YEARS SUBJUGATION, WILL BE PAST NIGHTMARE FOR EVER.