27 Սեպտեմբերին, Արցախեան 44օրեայ պատերազմի 2րդ տարելիցին առիթով, Ստեփանակերտի մէջ հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Խաչերթ` ի յիշատակ Արցախեան երրորդ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն, կը տեղեկացնէ «Ապառաժ»ը։
Խաչերթը ընթացք առաւ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն, ուր իր խօսքը արտասանեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի փոխառաջնորդ Սահակ վրդ. Շաքարեան:


Առաւօտեան ժամը 11ին, երթին մասնակցողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին զոհուածներու յիշատակը, ապա «Տղերքը ո՛ղջ են», «Միութի՛ւն, պայքա՛ր, յաղթանա՛կ» եւ այլ կոչերով շարունակեցին երթը դէպի Ստեփանակերտի Եղբայրական յուշահամալիրը:
Երթին կը մասնակցէին նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորները, Արցախի կառավարութեան անդամները եւ հոգեւոր այրեր:
Մասնակցողները պարզեցին 44օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու լուսանկարները:
Երթի աւարտին, Ստեփանակերտի Եղբայրական յուշահամալիրին մէջ Արցախի թեմի փոխառաջնորդ Սահակ վրդ. Շաքարեանի ձեռամբ կատարուեցաւ Արցախեան 44օրեայ պատերազմին նուիրուած «Լուսոյ խորան»ի օրհնութեան կարգը եւ 44օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու հոգեհանգստեան արարողութիւնը:

