Մարդկային իրաւանց Հելսինքեան միջազգային խումբը նախանցեալ օր հրապարակեց «Թուրքիա. սիսթեմաթիք ժխտման քաղաքականութիւն փոքրամասնութիւններու նկատմամբ» վերնագրուած 26էջնոց իր տեղեկագիրը:
Ինչպէս ըսուած է խմբակի հաղորդագրութեան մէջ, տեղեկագրին մէջ ներկայացուած են ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ Թուրքիոյ կիրարկած սահմանափակումներու քաղաքականութեան իրաւական հիմքերը, իշխանութիւններու կողմէ այդ քաղաքականութեան մեկնաբանութիւնը, փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող անհատներու նկատմամբ օրէնքներու ի չարս գործադրութեան բազմաթիւ փաստերը:
Տեղեկագրին մէջ տրուած են օրինակներ, թէ ինչպէս Թուրքիոյ մէջ կ’ոտնահարուին զանազան էթնիք, կրօնական եւ լեզուական փոքրամասնութիւններու, ներառեալ քիւրտերու, հայերու, յոյներու, ալաուիներու, լազերու, չէրքէզներու եւ գնչուներու իրաւունքները:
«Եւրոպական միութեան Թուրքիոյ հնարաւոր անդամակցութեան եւ այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը քննարկելու ընթացքին, գլխաւոր չափանիշը պէտք է ըլլայ այն, թէ Թուրքիա ինչպէ՞ս կը վերաբերի իր փոքրամասնութիւններուն», յայտարարեց Հելսինքեան միջազգային խումբի նախագահ Ուլրիխ Ֆիշըր: «Այսօր լուրջ անհամապատասխանութիւն կայ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ եւրոպական չափանիշներու միջեւ»:
Ֆիշըրը նաեւ շեշտեց, որ «մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն, անընդունելի է այն քաղաքականութիւնը, որ կը բնութագրուի բազմաթիւ փոքրամասնութիւններու գոյութիւնն անգամ չընդունելով, փոքրամասնութիւններու կամ անոնց առնչուող պատմական փաստերու մասին խօսողներու նկատմամբ դատական հետապնդումներով, փոքրամասնութիւններու հիմնական խնդիրները լուծելու չկամութեամբ»:
Տեղեկագրին մէջ յատկապէս ընդգծուած է թրքացման քաղաքականութիւնը, որ Թուրքիա որդեգրած է 20րդ դարու սկիզբէն ի վեր. «Այս քաղաքականութիւնը կը յանգեցնէ մշակութային միաձուլման, չեն ճանչցուիր էթնիք, ազգային եւ կրօնական ինքնութիւնը պահպանելու՝ անհատներու իրաւունքները, եւ ատոր նպատակն է ստիպողական միաձուլումը թրքական ինքնութեան», կ’ըսէ տեղեկագիրը:
Փաստաթուղթին մէջ ըսուած է նաեւ, որ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ խտրականութեան նիւթին անդրադառնալը, կամ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակելը կը հետապնդուի քրէական օրէնսգրքով՝ «բնակչութեան մէջ թշնամանք կամ ատելութիւն սերմանելու», կամ «թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելու» մեղադրանքներով: