Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվըն Երկուշաբթի օր Պոլսոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր եւ գլխաւոր խորհրդական Իպրահիմ Քալընի հետ, կը հաղորդէ Սպիտակ տունը:
Անոնք քննեցին իրենց շարունակական աջակցութիւնը՝ Ուքրանիոյ եւ դատապարտեցին Ռուսիոյ կողմէ ուքրանական տարածքներու անօրինական բռնակցումը:
Սալըվըն եւ Քալըն քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովութեան հարցերը, ներառեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն աջակցութիւնը, Միջերկրական ծովու արեւելեան շրջանին մէջ տարակարծութիւնները լուծելու համար երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը եւ Ֆինլանտայի ու Շուէտի ՆԱԹՕին անդամակցելու հարցին մէջ յառաջընթացը: