
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ, Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ դէպի Արեւմտեան Հայաստան ուխտագնացութիւններու նուիրուած դոկտ. Քերըլ Պերթրեմի A House in the Homeland: Armenian Pilgrimages to Places of Ancestral Memory հատորին ներկայացումը։
Ձեռնարկը կը հովանաւորէ Քլարա Պետրոսի յիշատակին հաստատուած հիմնադրամը։
Հատորը պիտի ներկայացնէ անոր հեղինակը, որ 2007էն 2015ի միջեւ մասնակցած է շարք մը ուխտագնացութիւններու, ընկերանալով իրենց նախնիներուն բնակարանները եւ հետքերը փնտռող հարիւրաւոր հայ ուխտաւորներու։
Համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի հասցէն է՝ 5245 N. Backer Ave., Fresno, CA 93726։ Մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար կանգնեցնել P6 եւ P5 կանգառներուն մէջ, յատուկ գաղնաթիւ մը ստանալով Հայագիտական ծրագիրէն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել կայքէջը:
