Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին յայտնեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը կարգաւորելու ուղղութեամբ Ռուսիոյ կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն մեծ մասը յայտնի է հանրութեան։ Ան այս հաստատումը կատարեց՝ անհիմն շահարկումներ նկատելով շրջան ընող այն լուրերը, թէ Ռուսիա երես կը դարձնէ տարածաշրջանէն եւ Հայաստանէն:
Ան յայտարարեց, որ Ռուսիոյ բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը կը ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակը կարգաւորելու ուղղութեամբ՝ շեշտելով, որ կը գործէ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերուն համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբը, որ կազմուած է 9 Նոյեմբեր 2020ի եւ 11 Յունուար 2021ի եռակողմ յայտարարութիւններու հիման վրայ:
«Փաստօրէն, առաջադրուած հարցերու լուծման պարագային, բոլոր կողմերուն կարծիքով պիտի տիրէ խաղաղութիւն եւ զարգացում: Մենք այդ ձեւաչափերը կը գնահատենք, մեծ կարեւորութիւն կու տանք անոնց՝ հակառակ հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն: Մենք կը մեկնինք այս կէտէն, որ բոլոր կողմերու շահերէն կը բխի։ Թէ՛ հայկական կողմէն եւ թէ ատրպէյճանական կողմն քաղաքական կամք կայ: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ այդ ձեւաչափերով», Քոփիրքին:
Ան յիշեցուց նաեւ Ռուսիոյ ներկայութիւնը սահմանի «խնդրայարոյց» շրջաններուն մէջ: «Մեր զինուորականները, մեր խաղաղապահները, մեր սահմանապահները երկու կողմերուն հետ կապի մէջ են: Անոնք հոս կ՛աշխատին եւ կը գործեն, եւ ատիկա եւս կարեւոր գործօն է կայունութեան ապահովման եւ հետագայ սրացումը զսպելու համար», ըսաւ ան: