Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Պաքու պիտի ընդդիմանայ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը վերակենդանացնելու փորձերուն: Այս մասին տեղեկացուց «Ազատութիւն»ը։
«Անոնք (Մինսքի խումբը) ոչինչ ըրին իրենց յանձնառութեան ծիրին մէջ: Միակ բանը, որ ըրաւ Մինսքի խումբը` բռնագրաւումը յստակօրէն օրինականացնելու, յարձակողին եւ յարձակումէն զոհ դարձողին միջեւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու փորձերն էին», Արցախի՝ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Ակնայի շրջանին մէջ քաղաքաշինութեան թեմայով համաժողովին ելոյթ ունենալով, յայտարարեց Ալիեւ:
Ալիեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, մասնաւորաբար՝ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին։ Այս մասին հաղորդեց ատրպէյճանական «Հաքքին» կայքը։
«Մենք որոշ լաւատեսութիւն կը զգանք խաղաղութեան հոլովոյթին վերաբերեալ։ Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը՝ առաջինը՝ խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրի պատրաստման վերաբերող։ Յոյս ունինք, որ անիկա երկար պիտի չտեւէ։ Մենք գիտենք այն մարտավարութիւնը, որ սովորաբար Հայաստան կ՛օգտագործէ, երբ չ՛ուզեր բանակցիլ, օրինակ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ 27 տարի տեւած բանակցութիւններուն մէջ։ Եթէ այսպէս շարունակուի, խաղաղութիւն պիտի չհաստատուի։ Եւ եթէ ասիկա Հայաստանի ընտրութիւնն է, ուրեմն անիկա հերթական լուրջ սխալը կ՛ընէ», յայտնեց Ալիեւ՝ աւելցնելով. «Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ ապրող հայերը մեր քաղաքացիներն են, եւ մենք միջազգային որեւէ կեդրոնի հետ պիտի չքննարկենք, թէ անոնց կեանքը ինչպէս պիտի կարգաւորենք»։
Ալիեւ շեշտեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ «միջազգային օրէնքի հինգ սկզբունքներուն վրայ», որոնց մասին Պաքու հրապարակաւ բազմաթիւ անգամներ խօսած է: «Մասնաւորապէս, երկու երկիրներուն կողմէ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում, ապագային որեւէ տարածքային յաւակնութիւններէ, ուժի կիրարկումէ հրաժարում, պետական սահմաններու սահմանագծում եւ հաղորդակցութիւններու բացում», ըսաւ Ալիեւ:
Մինչ այդ, Հայաստան եւ Ատրպէյճան Պլինքըն-Միրզոյեան-Պայրամով 4 Հոկտեմբերի հեռաձայնային զրոյցին մասին բոլորովին տարբեր հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին։ Երեւան յայտարարեց, թէ նախարարները միտքեր փոխանակեցին Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու գործիքակազմ ստեղծելու վերաբերեալ, Պաքու պնդեց, որ ինք ընդգծուած է «Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանի հայ բնակիչներու վերահամարկման ուղղութեամբ աշխատանքները շարունակելու հարցը»:
Հայաստանի Ազգային ժողով-կառավարութիւն 5 Հոկտեմբերի հարցում-պատասխան օրակարգին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան միայն մէկ յաւելում կատարեց պաշտօնական հաղորդագրութեան` խօսքը Ստեփանակերտ-Պաքու քննարկումներու միջազգային գործիքակազմի ստեղծման մասին է: Ատրպէյճանի դիրքորոշման նախընտրեց չանդրադառնալ` յայտարարելով, թէ անիկա կը տարբերի հայկականէն, սակայն քննարկումները կը շարունակուին։
«Այն ժամանակ ասացինք, որ այս 5 կէտերում անընդունելի ոչինչ չկայ, բայց դրանք չեն արտացոլում ամբողջական օրակարգը, կիսուեցինք մեր պատկերացումներով: Այդ պատկերացումների հիմնական մասը վերաբերում էին հէնց Լեռնային Ղարաբաղին, այժմ էլ բանակցութիւնների մաս է նաեւ այս հարցի հասցէագրումը: Հիմա կայ տեսակէտ Բաքու-Ստեփանակերտ կամ Լեռնային Ղարաբաղ-Ադրբեջան երկխօսութեան խողովակ, երկխօսութեան միջազգային մեխանիզմ (գործիքակազմ) ստեղծել: Այս մասին քննարկումներ են ընթանում: Անշուշտ մենք ունենք մի դիրքորոշում, Ադրբեջանը` մէկ այլ, երբ որ կը յանգենք ինչ-որ փոխադարձ ընդունելի դիրքորոշման, տեսակէտի կամ մեխանիզմի, անպայման կը տեղեկացնենք», ընդգծեց Միրզոյեան:
Միւս կողմէ, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան այդ ձեւաչափը վերականգնելու անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ։ Իսկ թէ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ քննարկումներ ունեցա՞ծ են՝, Երեւանի պատկերացումները որո՞նք են, չբացայայտեց:
«Այո՛, կարող են լինել որոշ հանդիպումներ այդ շրջանակում, կայ երեք կողմ Ադրբեջան, Արցախ, Հայաստան, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրներ, որոնք միշտ մասնակցում են այդ գործընթացին: Իսկ եթէ անհրաժեշտութիւն լինի այդ շրջանակներում ինչ-որ առանձին հանդիպումների, սա պէտք է նոյնպէս քննարկուի, բայց այդ հանդիպումները չեն կարող լինեն այնպէս, որ Ադրբեջանը մեզ դիտարկի որպէս ստորադասներ, քննարկի որպէս մի ապստամբ կազմաւորումը ռէինտէգրելու (վերահամարկելու) բանակցութիւններ: Այսինքն` մեզ պէտք է համապարփակ կարգաւորում Արցախի լիարժէք մասնակցութեամբ, որտեղ մենք որեւէ ստորադասուած կարգավիճակ որեւէ մէկի նկատմամբ չենք ունենալու», ըսաւ Բաբայեան: