Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մերժած են Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մօտ բողոքի ցոյցի կազմակերպման արտօնութիւն տալ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է «Ժողովրդավարութիւն եւ բարեկեցութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Կուպաթ Իպատօղլու:
Անոր առաջնորդութեամբ ցոյցը նախատեսուած էր 7 Հոկտեմբերին, եւ մասնակցողները մտադիր էին Ռուսիոյ դեսպանատունէն պահանջել Արցախէն «ռուսական բռնագրաւող բանակին հեռացում»ը: