Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման արեւմտեան մօտեցումները այնքան ալ հաւասարակշռուած չեն թուիր: Ըստ «Ազատութեան»՝ այս յայտարարութիւնը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերող արեւմտեան մօտեցումներուն՝ մեր կարծիքով, անոնք այնքան ալ հաւասարակշռուած չեն թուիր, եւ, անկեղծ ըսած, չեմ ալ ուզեր խօսիլ որոշ արեւմտեան միջնորդներու դերակատարութեան մասին, որովհետեւ զանոնք կարելի չէ անուանել խաղաղութեան միջնորդներ», ըսաւ Զախարովա՝ առանց յստակացնելու Մոսկուան չգոհացնող մօտեցումներուն էութիւնը:
«Մենք կը հասկնանք, որ աշխարհաքաղաքականութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ խաղի, խուսանաւումի տարր, բայց մենք դէմ ենք աշխարհաքաղաքական բանսարկութիւններուն, որոնք պատճառ կը դառնան իրավիճակի վտանգաւոր խաթարման», ընդգծեց Զախարովա՝ շարունակելով. «Մենք պատրաստ ենք աջակցիլ այն ջանքերուն, որոնք կ՛առաջնորդեն դէպի շօշափելի դրական արդիւնքներու՝ իրավիճակի կայունացման, եւ անոր համար մենք միջնորդական դեր կը կատարենք: Ամէն ինչ ըրած ենք եռակողմ համաձայնագիրներու մշակման եւ կնքման համար եւ, որ ամէնէն կարեւորն է, միտուած ենք անոնց իրականացման»:
Զախարովա նաեւ աւելցուց, որ Մոսկուան Երեւանին եւ Պաքուին փոխանցած է ի՛ր առաջարկները: «Մենք համալիր աջակցութիւն կը ցուցաբերեք յարաբերութիւններու կարգաւորման երկու մերձաւոր պետութիւններու միջեւ, որոնք մեր դաշնակիցներն են, ներառեալ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստութեան: Մեր համապարփակ առաջարկները փոխանցուած են Պաքուին եւ Երեւանին», նշեց Զախարովա: