ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ամիս մը առաջ պատահեցաւ դէպք մը Արարատեան դաշտավայրի Վեդի գիւղին մէջ, որ կը բնութագրէ թուրք ժողովուրդի նկարագիրը:
Թուրք զոյգ մը քանի մը բաժակ քոնիաք խմելէ ետք, ըստ պատմուածին, բարձրաձայն թրքերէն խօսելով՝ ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւած է, ապա թրքական դրօշակ հանած եւ ցուցադրած, ինչը տեղի տուած է քաշկռտուքի:
Այս պատմութիւնը թերեւս կրնայ քիչ մը տարբեր ըլլալ մանրամասնութիւններուն մէջ, սակայն անառարկելին կը մնայ այն փաստը, որ անոնք Հայաստանի մէջ համարձակած են նստիլ եւ իրենց լեզուով խօսիլ: Ճիշդ է, որ հայեր նոյնպէս կը համարձակին Թուրքիոյ սիրտին մէջ հայերէն խօսիլ՝ առանց որեւէ արգելքի եւ պատահարի, սակայն կայ տարբերութիւն մը: Մենք պարտութիւն կրած ենք վերջին պատերազմին եւ հետեւաբար գալ ու վէճ հրահրել՝ ակնառու համարձակութիւն է:
Թուրքերու վերջին հազար տարիներու պատմութիւնը համարձակ եւ նուաճողական քայլերու շարք մըն է, որ կը բնութագրէ այդ ժողովուրդի նկարագիրը եւ յաջողութեան գաղտնիքը: Ամէն ինչ սկսաւ իրենց արիւնակից սելճուքներով, որոնք աննշան ցեղախումբ մըն էին եւ շրջապատի ազգերուն հետ համեմատած՝ թիւով շատ աւելի քիչ, սակայն իրենց եզակի առաջնորդին՝ Տուղրիլի, ռազմավարական եւ մարտավարական իւրայատուկ քայլերուն շնորհիւ, աշխարհը ցնցեցին եւ հասան մինչեւ Փոքր Ասիա, ապա Կեդրոնական Ասիան եւ Պարսկաստանը հպատակեցնելէ ետք, իրենց ետին թողեցին աւեր եւ մխացող երկիրներ: Շատ չանցած, անոնց հետեւեցան հրամանատար Ճենկիզ Խանի առաջնորդութեամբ մոնկոլական նոյնպէս փոքրաթիւ բանակները, որոնք երբեք չգերազանցեցին 150,000ը, եւ մահ սփռելով՝ յառաջացան ու գրաւեցին Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները, ապա Պարսկաստանը, Ռուսիան, Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպան եւ Փոքր Ասիոյ լեռնաշխարհը: Անոնք իրենց թիւերը կը բազմացնէին նուաճելով եւ գերեվարելով այդ երկիրներու մանուկները եւ կիները:
Հայկական լեռնաշխարհին տիրապետելու սկզբնական ժամանակահատուածին մէջ, անոնք մեզմէ շատ աւելի մարդաշատ չէին, եւ օգտագործելով մէկ կողմէ խորամանկ դիւանագիտութիւն եւ միւս կողմէ անգութ ռազմական մարտավարութիւն՝ տիրացան մեր տարածքին: Անոնց յաջորդեցին օսմանցի թուրքերը, որոնք տարածաշրջանը հասնելէ ետք, ձեռնարկեցին Բիւզանդիոնի գրաւման, այդպիսով ոտք դնելով արդէն եւրոպական ցամաքամասին վրայ:
Վոսֆորի եւ Տարտանէլի նեղուցին վրայ ամուր յենակէտ ունենալէ ետք, ճանապարհը բաց էր դէպի Եւրոպայի խորերը: Օսմանեան հսկայ կայսրութիւնը այլեւս Եւրոպայի կէսին վրայ կը տարածուէր, իսկ հարաւային սահմանները, մինչեւ Միջերկրական ծովու հարաւային ծովեզերքի երկայնքով՝ Ատլանտեան ովկիանոս:
Տասնիններորդ դարու վերջաւորութեան եւ քսաներորդի սկիզբը, անոնք արդէն յոգնած էին եւ իրենց կայսրութիւնը պահպանելը այլեւս դժուար էր. մէկիկ մէկիկ իրենց տիրապետութեան տակ գտնուող երկիրները կորսնցնելէ ետք, Համաշխարհային Ա. պատերազմին այնքան հիւծած էին, որ Անատոլիան անգամ կորսնցնելու վտանգին առջեւ էին: Փրկուեցան շնորհիւ մէկ մարդու կամքին, երեւակայութեան եւ բացառիկ հայրենասիրութեան: Աթաթիւրքն էր այդ մարդը:
Համարձակութիւն էր իսկապէս Աթաթիւրքի ձեռնարկած Կալիփոլիի դիմադրութիւնը եւ վերջապէս յաղթանակը: Այդ յաղթանակի արդիւնքը թրքական հանրապետութեան ծնունդ էր: Համարձակութեան գագաթնակէտը շուտով թրքական յետամնաց եւ կրօնամոլ բազմութիւնները հպատակեցնելը, լայիք հանրապետութիւն հռչակելը, եւրոպական նիստ ու կաց պարտադրելը, արաբերէն գիրերու փոխարէն լատիներէն գիրեր որդեգրելը եւ աւելին՝ Թուրքիան եւրոպական արեւելում ունենալուն ուղղելն էր:
Թուրքիոյ արդի պատմութեան առաջին տիրական դէմքը եթէ Աթաթուրքն է, երկրորդը անկասկած Էրտողանն է: Քաջութիւն եւ համարձակութիւն պէտք էր, այս անգամ հայեացքը դէպի Եւրոպա յառած թուրք հասարակութիւնը վերադարձնել դէպի իսլամական արժէքներ, առանց հրաժարելու Եւրոպան սիրաշահող քաղաքականութենէն եւ մնալով ՆԱԹՕի կարեւորագոյն անդամը, ձեռնարկել տնտեսական քայլերու, որոնց իբրեւ արդիւնք, Թուրքիա դարձաւ տնտեսութեամբ հզօրագոյն պետութիւններէն մէկը: Առաւել քան համարձակութիւն պէտք էր քսանմէկերորդ դարուն իր նոր, սակայն հին երազանքի իրականացման ուղղուած՝ դէպի Արեւելք, փանթուրանական քաղաքականութեան կիրառումը:
Դիւրին բան չէ ազգի մը համար հարիւր տարուան ընթացքին, եթէ Թուրկութ Օզալն ալ հաշուենք, ունենալ երեք քաղաքական բացառիկ ղեկավարներ, որոնք կրցան միլիոնաւոր մարդիկ համախմբել իրենց ծրագիրներուն շուրջը: Դիւրին չէ՝ մանաւանդ երբ համեմատենք մեզի հետ:
Հայութիւնը իր երկարատեւ պատմութեան ընթացքին, աչքի զարնող փայլուն ղեկավարներ գրեթէ չէ ունեցած: Արամ Մանուկեան թերեւս միակն էր վերջին հազարամեակին, որ կրցաւ այդ իրական դերը խաղալ եւ կործանման շեմին գտնուող ազգի վերապրողներով, հանրապետութեան մը հիմքերը դնել, սակայն, նոյնիսկ ան չընդունուեցաւ իբրեւ այդպիսին ոչ միայն համայնավար իշխանութեան օրօք, որ հասկնալի էր, այլ նոյնիսկ անկախութեան այս երեսուն տարիներուն, երբ դժուարութեամբ համաձայնութիւն տրուեցաւ անոր արձանը տեղադրելու երկրորդական փողոցի մը մէջ, իսկ երբեմնի անոր բնակարանը պահպանելու կամքը մինչեւ օրս բացակայացաւ:
Այսօր, առաւել քան երբեք կը զգացուի կարիքը ազգը համախմբող եւ առաջնորդող ղեկավարութեան, որուն նշոյլը անգամ չկայ: Չկայ, որովհետեւ ազգը հազարամեակներու ընթացքին միշտ անմիաբան եղած է եւ մերժած ղեկավար ունենալու գաղափարը: Մերժած է նաեւ, որովհետեւ հզօրանալու երազանքը եւ իղձը չէ ունեցած: Մերժած է իւրայինը պաշտպանելու եւ քաջալերելու տրամաբանական մօտեցումը եւ հպատակած օտարին:
Այսպէս է որ նոյնիսկ ներկայ ճգնաժամային եւ գոյութենական վտանգներու առջեւ գտնուելով հանդերձ, մեր սեփական եւ հայամէտ քաղաքականութիւն որդեգրելու երազանքը թողած՝ պառակտուած ենք երկու իրերամերժ արեւելումներու յարելով: Հայրենաբնակ ազգին կէսը արեւմտամէտ դարձած է եւ միւսը հայեացքը յարած է դէպի հիւսիս, իսկ արտերկրի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը լուռ հանդիսատես է, լաւագոյն պարագային՝ ընդհանրապէս անտարբեր, իր մեծամասնութեամբ:
Իշխանութիւններուն հակադրուող իսկական կառուցողական ընդդիմութիւն չկայ, եւ ստեղծուելու նշոյլ ցարդ չերեւիր: Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնները միշտ եղած են իշխանութեան ձգտողներ, առանց գաղափարական հիմքի եւ զուրկ՝ արտաքին, տնտեսական, ֆինանսական եւ կրթական իրենց սեփական քաղաքականութեան տարբերուող ծրագիրներէ:
Առաջնորդող ղեկավարները՝ ինչպէս բոլոր երկիրներու, նոյնպէս ալ Թուրքիոյ պարագային, ընդհանրապէս երեւան չեն գար տիրող իշխանութիւններու շարքերէն, որովհետեւ իշխանութիւնը կ՛առաջնորդէ մեղկութեան, փտածութեան եւ ծուլութեան. անոնք կը ծնին իշխանութիւններու հակադրուող ընդդիմադիր առողջ տարրերու, նոր գաղափարներով եւ տեսլականով մարդոց շարքերէն:
Մեր իրականութեան մէջ այդ է որ կը պակսի. համարձակութիւնն է որ կը պակսի: