ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆ
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ պիտի քննարկէ Արցախի իրավիճակը եւ Փրակի բանակցութիւններու արդիւնքները: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան եւ Արայիկ Յարութիւնեանի խորհրդական Մասիս Մայիլեան: Այս մասին տեղեկացուց «Ազատութիւն»ը:
Արցախի նախագահի մամլոյ բանբերը 9 Հոկտեմբերին «Արցախփրէս»ին ներկայացուց պատուիրակութեան կազմը եւ ըսաւ, որ նպատակը Փրակի քառակողմ յայտարարութեան քննարկումն է:
Ըստ Բաբայեանի՝ տակաւին կանուխ է ակնկալուող հանդիպումներուն մասին խօսելու:
Արցախեան պատուիրակութեան այցելութիւնը կը նախատեսուի Ստեփանակերտի մէջ երկու օրէ շարունակուող հանրահաւաքներու լոյսին տակ: Քաղաքացիները Յարութիւնեանէն պարզաբանումներ պահանջեցին Արցախի ճակատագիրին վերաբերեալ:
Հանրահաւաքի կազմակերպիչներէն Տիգրան Պետրոսեան 10 Հոկտեմբերին «Ֆէյսպուք»ի էջէն ուղիղ եթերին ընթացքին յայտարարեց, որ խումբ մը արցախցիներ պիտի շարունակեն իրենց նստացոյցը այնքան ատեն որ պատուիրակութիւնը Երեւանէն պարզաբանումներ չէ ներկայացուցած:

«Առ այսօր նրանք չեն մեկնել այդ հանդիպմանը եւ քանի որ անելիքներ շատ կան, այսինքն՝ այդ հանդիպման պատասխաններից կախուած է մեր արտաքին քաղաքականութեան վեկտորը (միջաշառաւիղ), մենք որոշում ենք կայացրել շարունակել մեր նստացոյցը, մինչեւ նրանք գնան Երեւան գան, մեզ յայտնեն՝ ինչ է կատարուել Պրահայում, ինչ է կատարուել Սանկտ Պետերբուրգում, վերջնականապէս հասկանանք՝ ինչ կուրս (ընթացք) է ընտրել Հայաստանը, որպէսզի մենք իմանաք՝ որտեղ ենք շարժւում, ինչ ուղղութեամբ ենք շարժւում Արցախում», նշեց Պետրոսեան:
Ան կոչ ուղղեց՝ իրենց պայքարը չքաղաքականացնելու: Ան բացատրեց, որ զիրենք անհանգստացուցած է այն, որ 6 Հոկտեմբերին, Փրակի մէջ ընդունուած յայտարարութեամբ Հայաստան ճանչցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ Արցախի հետ, այդ է Արցախէն հնչող հիմնական հարցը, «Ազատութեան» փոխանցեց Պետրոսեան:
«Եթէ էդ կէտերի մէջ ինչ-որ ենթակէտ աւելացուի, որ Արցախի հարցն այլ հարթակում պէտք է քննարկուի, ապա դա այլ բան, կամ էլ պէտք է աւելացուի, որ Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը որեւէ կապ չունի Արցախի կամ Լեռնային Ղարաբաղի հետ», ընդգծեց ան:
Մինչ այդ առաջին անգամ չէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ բանակցային որեւէ հարց կը քննարկուի եւ կը համադրուի Արցախի իշխանութիւններուն հետ: Լրագրողներու հետ ունեցած վերջին զրոյցին ընթացքին նման հաստատում կատարեց նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան՝ նշելով. «Մշտապէս իրենք ամէն ինչ իմացել են, ամէն ինչ, ամէն ստորակէտրը, ամէն ձեւակերպումը Արցախի իշխանութիւնները իմացել են»:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ անոնք «իմացել եւ համաձայնե՞լ են, որ, օրինակ՝ խօսուի միայն Հայաստանի տարածքի մասին»՝ Սիմոնեան ըսաւ. «Այո՛, տեղեկացուել եւ համաձայնուել են, որովհետեւ այլ տարբերակ իրականութեան մէջ չկար ու չէր կարող լինել»:
Արցախի բնակչութիւնը, սակայն որեւք բանէ տեղեակ չէ, ըսաւ Պետրոսեան։ «Արայիկ Յարութիւնեանը մեր պահանջներին չի արձագանգում, շփումի հանրութեան հետ չի դուրս գալիս, դրա փոխարէն Ազգային ժողովի նախագահն է յաճախ գալիս մեզ հետ հանդիպում, եւ այդ հանրային ճնշման հետեւանքով նա զանգեց, ասաց, որ մեկնում են Երեւան բանակցելու», ըսաւ ան:
Թէ՛ Երեւանէն եւ թէ Ստեփանակերտէն հնարաւոր հանդիպումներուն մասին մանրամասնութիւններ չեն փոխանցուած տակաւին: Հայաստանի Ազգային ժողովի իշխող խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան նոյնիսկ ըսաւ, որ մամուլէն տեղեկացաւ Արցախի պատուիրակութեան այցելութեան մասին:
Ըստ Պետրոսեանի՝ պատուիրակութեան վերադարձէն առաջ հանրահաւաքներ պիտի չընեն, իսկ իրենց յառաջիկայ ծրագիրները կախեալ են Ստեփանակերտ-Երեւան հանդիպման արդիւնքներէն: