Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 10 Հոկտեմբերին ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին ընդգծեցին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն դուրս բերելու եւ զինադադարի դրութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, որ, ըստ հայկական կողմի հաղորդագրութեան, անոնք անդրադարձան 6 Հոկտեմբերին, Փրակի մէջ, Հայաստանի վարչապետին, Ֆրանսայի նախագահին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին եւ Ատրպէյճանի նախագահին քառակողմ հանդիպման արդիւնքներուն: Կարեւոր նկատուեցաւ ՄԱԿի կանոնադրութեան եւ 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման, ինչպէս նաեւ սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան ապահովումը:
Փաշինեան եւ Պլինքըն խօսեցան նաեւ Արցախի հայութեան ապահովութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներուն համար միջազգային գործիքակազմերու հաստատման ու Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձի ապահովման վերաբերող հարցերու մասին:
Պլինքըն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը՝ յառաջիկային եւս նպաստելու բանակցային գործընթացին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան: