
ՍՈՆԱ (ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ) ԱԲԷԼԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 7 Մայիս 1934ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր, մեծ մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Սոնա Աբէլեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2022ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave.:
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Վարդգէս Աբէլեան
Զաւակը՝ Վիգէն եւ Նօնօ Աբէլեան
Զաւակը՝ Վահէ Աբէլեան
Զաւակը՝ Շահէ եւ Ժընեւիեւ Աբէլեան եւ զաւակները՝ Արէն եւ Ալեք
Թոռը՝ Շանթ եւ Դալար Աբէլեան եւ դուստրը՝ Ալինա
Թոռը՝ Թալին Աբէլեան
Քոյրը՝ Շաքէ Պէզճեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ եղբօր կինը՝ Տամօ Թիւթիւնճեան եւ ընտանիք (Պոսթըն)
Եւ համայն Աբէլեան, Թիւթիւնճեան, Պէզճեան, Պոտրումեան, Գուբէլեան, Մուրատեան, Թամփսըն, Աշգարեան, Պետրիրեան, Տէր Մխսեան, Պենքս, Մանճիկեան, Մալայեան, Տաքէսեան եւ Կիւլեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave.
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել «Փարոս» հիմնարկութեան (PAROS foundation, 2217 5th St. Berkeley, CA 94710):