
ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Սթրազպուրկի մէջ յայտարարեց, որ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ, մօտաւոր ապագային Թուրքիա պիտի այցելէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն։ Չաւուշօղլու ընդգծեց, որ ինք եւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցը յառաջիկային նախապատրաստական աշխատանքները պիտի համակարգեն, որպէսզի տեղի ունենայ այս այցելութիւնը։
Սթրազպուրկի նոյն ելոյթին ընթացքին, Չաւուշօղլու յայտարարութիւններ ըրաւ Հայկական Սփիւռքին մասին։ Սթրազպուրկի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսութեան մէջ տեղացի թուրքերու հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին նախարար Չաւուշօղլու ըսաւ հետեւեալը. «Երբ խօսքը կը վերաբերի Թուրքիոյ, պէտք է քիչ մըն ալ ցոյց տանք մեր միասնութիւնը։ Մենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնեցինք թուրք-ամերիկեան ղեկավար կոմիտէ մը, որ շատ արդիւնաւէտ աշխատանք սկսաւ տանիլ մեր երկրին նկատմամբ Հայկական Սփիւռքի զրպարտութիւններուն դէմ։ Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք այս կազմակերպութիւնը Եւրոպայի մէջ ամրապնդելու համար։ Մենք կրնանք աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ Ֆրանսայի քաղաքականութեան մէջ։ Դժբախտաբար, այստեղ ալ կայ Հայկական Սփիւռք մը եւ այս Հայկական Սփիւռքին մէկ մասը բարի նպատակներ չունի։ Անիկա դէմ է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Մենք կը խօսինք Սփիւռքի մը մասին, որ թշնամական վերաբերմունք ունի լաւ յարաբերութիւններու հաստատման դէմ։ Մենք կ՛ակնկալենք, որ աւելի կազմակերպուած ձեւով ձեր ձայնը բարձրացնէք այս Սփիւռքին դէմ»։