
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքի Գրադարան, արուեստներ ու մշակոյթ բաժանմունքը եւ Կեդրոնական գրադարանի ReflectSpace ցուցադրասրահը 22 Հոկտեմբերէն մինչեւ 7 Յունուար 2023 պիտի ներկայացնէ մրցանակակիր եւ միջազգային ճանաչում վայելող լուսանկարիչ Լեւոն Բարեանի «Կորսուած Յուշեր» ցուցահանդէսը, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ 22 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6ին։
Ցուցահանդէսը հիմնուած է Բարեան ընտանիքի լուսանկարներուն վրայ, որոնք ողողումի մը պատճառով վնասուած էին եւ առիթ ընծայած Բարեանին, որ հետաքրքրական միջամտութիւններով արուեստի նոր ստեղծագործութիւններ մէջտեղ բերէ։
Ցուցահանդէսը համադրուած է ReflectSpace ցուցադրասրահի Արա եւ Անահիտ Օշականներուն կողմէ։
Կեդրոնական գրադարանին հասցէն է՝ 222 E Harvard St., Glendale, CA 91205։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել reflectspace.org կայքը։