Դատաբժշկական կեդրոնին մէջ, քանի մը օր առաջ աւարտեցան Սեպտեմբերի մարտերուն զոհուած զինուորներու «Տի.Էն.Էյ.»ի նոյնականացման աշխատանքները, սակայն տակաւին կան չգտնուած զինուորներ, որոնք անյայտ կորսուած կը նկատուին։
«Մենք մի կողմ դրեցինք մեր բոլոր քրէական գործերը եւ զբաղուեցինք միայն այդ նմոյշներով, միայն ծնողներով, եւ այն նմոյշները, որոնք մեզ ներկայացուել են, այս պահին ամբողջ գործողութիւններն աւարտուած են», «Ազատութեան» փոխանցեց Դատաբժշկական կեդրոնի Մոլեքիւլային ծինային փորձաքննութիւններու բաժինի վարիչ Մարինէ Բաղդասարեան:
Բոլոր դիերը նոյնականացուած են, ծնողները այս անգամ որեւէ կասկած չեն յայտնած եւ տարած ու թաղած են իրենց որդիները: «Ծնողներ կային, որ երբոր գերիներին յանձնեցին, դրանից յետոյ եկան, մենք հասկացանք, որ յոյսները կտրեցին, եկան», ըսաւ Բաղդասարեան:
Կան առաւել քան 200 զոհեր եւ անյայտ կորսուածներ սեպտեմբերեան վերջին մարտերուն պատճառով. թիւերու յստակացում պաշտօնապէս առայժմ չկայ, դատաբժշկական կեդրոնին մէջ նոյնականացման ենթակայ մարմիններ արդէն չկան, բայց կան ծնողներ, որոնք արիւն կը յանձնեն` իրենց որդիները թէկուզ զոհուած գտնելու համար:
Ծնողները կասկածներ ունին, որ իրենց որդիները մնացած են Վերին Շորժայի ձորերուն մէջ, սակայն ատրպէյճանական կողմը արտօնութիւն չի տար որոնողական աշխատանքի սկսելու։