14 Հոկտեմբերին, Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀ վեհաժողովին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բարձրացուց ԱՊՀ երկիրներուն միջեւ սահմանները ճանչնալու հարցը: Ան ժամանակավրէպ նկատեց ՀԱՊԿի մէջ ԱՊՀին դիտորդի կարգավիճակ տալու առաջարկը` բարձրացնելով երկու հիմնական հարցեր: Այս մասին տեղեկացուց «Ազատութիւն»ը։
«Արդեօք ՀԱՊԿը ճանաչո՞ւմ է 1991 հաստատուած ԱՊՀ երկրների պետական սահմանները որպէս ԱՊՀ հիմնարար փաստաթղթեր: Սա կարեւոր հարց է, քանի որ խօսքը ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտու եւ թոյլ տուէք ասել հէնց կազմակերպութեան ֆունկցիոնալութեան (պաշտօնունակութեան) մասին է: Եթէ հիմնուենք մեկնաբանութիւնների վրայ, ըստ որոնց ԱՊՀ երկրների միջեւ սահմաններ գոյութիւն չունեն, քանի որ այդ սահմանները սահմանազատուած չեն, դա նշանակում է, որ ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտին որոշուած չէ, այսինքն այն գոյութիւն չունի», ընդգծեց վարչապետը:
Փաշինեան նաեւ ըսաւ, թէ շատ կարեւոր է յստակ պատասխան տալ, թէ ԱՊՀի երկիրները արդեօք կը ճանչնա՞ն միմեանց միջեւ 1991ին հաստատուած սահմանները՝ իբրեւ ԱՊՀ հիմնարար փաստաթուղթեր, եւ նշեց, որ այս հարցի դրական պատասխանը շատ կարեւոր է ԱՊՀի տարածքին կայունութեան եւ ապահովութեան համար:
Ան յայտնեց, որ այդ հարցերը Հայաստանի համար առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունեցած են Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի բոլորովին չհրահրուած վերջին ռազմական յարձակումին պատճառով եւ ներկայացուց ատրպէյճանական զօրքերու յարձակման տարողութիւնը եւ գործած վայրագութիւնները:
Փաշինեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զինուժը ռմբակոծեց Հայաստանի 36 բնակավայրեր: Առաւել քան 7 հազար 600 անձեր տեղահանուեցան: Զոհերու եւ անհետ կորսուածներու թիւը գերազանցեց 210ը, վիրաւորուեցան 293 զինուորներ եւ ութ խաղաղ բնակիչներ: 28 զինուորներ տակաւին անհետ կորսուած են:
Ատրպէյճանական կողմը ինք տարածեց խոշտանգումներու, գերի տարուած անձերու կամ արդէն մահացած զինուորականներու մարմիններու խեղման ցնցիչ տեսանիւթեր:
Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստան իրապէս անկեղծ նպատակադրուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան նկատմամբ: «Դրա համար պէտք են դրամատիկ (կտրուկ) քայլեր եւ Հայաստանի կառավարութիւնը ապացուցել է, ցոյց է տուել պատրաստ է նման քայլերի, իսկ Ադրբեջանից միակ ակնկալիքը կառուցողականութիւնն է», եզրափակեց ան:
ԱԼԻԵՒ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍՊԱՌՆԱԼ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր խօսքին մէջ պնդեց, որ Հայաստան ցարդ չէ կատարած 2020ի Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները` չ՛ապահովեր Ատրպէյճանի հիմնական մասէն անխափան մուտք Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն, ինչպէս նաեւ մինչեւ հիմա դուրս չէ բերած իր զօրքերը Ատրպէյճանի տարածքէն:
«Մենք դեռ համբերութիւն կը ցուցաբերենք, բայց անիկա անսահման չէ: Եթէ Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան այդ երկու կարեւոր կէտերը չիրականացուին, մեր դիմաց այլընտրանք չի մնար, բացի համարժէք գործելէ», սպառնաց ան:
Արցախի գծով Ալիեւ ըսաւ, որ Փրակի հանդիպման եւս այդ հարցով միտքերու փոխանաում տեղի ունեցաւ, ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը պարզ է եւ յստակ: «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է: Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պիտի երաշխաւորուի՝ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան համաձայն: Մենք ոչ մէկ երկրի հետ պիտի պատրաստուինք քննարկել մեր ներքին հարցերը: Եւ որքան ես հասկցայ Փրակի հանդիպման արդիւնքներէն, այդ թեման քառակողմ հանդիպման բոլոր մասնակցողներուն միջեւ որեւէ տարընթերցումներ չէ յառաջացուցած», նշեց ան։
Ալիեւ պնդեց, որ Սեպտեմբերի կէսերու բախումները դադրեցուեցան ռուսական կողմին միջնորդութեամբ. «Կ՛ուզեմ յատուկ ընդգծել, որ ռուսական կողմին միջնորդութեան շնորհիւ, ռուսական կողմին առաջարկով զինադադար հաստատուեցաւ, ոմանք այդ կը վերագրեն այլ երկիրներու, ինչ որ բացարձակապէս անհիմն է, ռուսական կողմին միջնորդութեան արդիւնք են ռազմական բախումներու դադրեցումը»:
ՓՈՒԹԻՆ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ ԵՒ ԱԼԻԵՒԸ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ՌՈՒՍԻԱ
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետին ու Ատրպէյճանի նախագահին առաջարկեց հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ մէջ՝ իրենց յարմար ատեն:
«Ես հաճոյքով կը հրաւիրեմ թէ՛ Ատրպէյճանի ղեկավարը եւ թէ Հայաստանի վարչապետը: Դուք կրնաք համաձայնիլ ժամկէտին շուրջ, եւ ինչպէս հասկցայ` այժմ հետաքրքրութիւն կայ հանդիպելու Ռուսիոյ մէջ», ըսաւ Փութին՝ աւելցնելով, թէ Փաշինեան եւ Ալիեւ կրնան հանդիպել Ռուսիոյ որեւէ քաղաքի մէջ` Սոչիի, Մոսկուայի, Ս. Փեթերսպուրկի, որեւէ տեղ եւ որեւէ ատեն:
ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՔՆՆԱԴԱՏԵՑԻՆ ՄԱՔՐՈՆԸ
Ասթանայի մէջ Փութին քննադատեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը՝ հայ-ատրպէյճանական տագնապին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան վերաբերող խօսքերուն համար:
Նախօրէին Մաքրոն France 2 կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած էր, որ ռուսերը կ՛օգտագործեն հարիւրամեակներու պատմութիւն ունեցող հակամարտութիւնը եւ կը խաղան Ատրպէյճանի խաղը` Թուրքիոյ մասնակցութեամբ, որպէսզի թուլացնեն Հայաստանը, որուն հետ սերտ յարաբերութիւններ ունէին: «Կը տեսնէք, թէ ի՛նչ կը կատարուի. ասիկա ապակայունացնելու Ռուսիոյ փորձն է, որ կ՛ուզէ խառնել իրավիճակը Կովկասի մէջ` բոլորս ապակայունացնելու համար», ըսած էր Մաքրոն:
«Երէկ ես զարմանքով կարդացի Ֆրանսայի նախագահին կարգ մը մեկնաբանութիւնները՝ 6 Հոկտեմբերին, Փրակի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներուն վերաբերող: Կը կարծեմ, թէ այդ յայտարարութիւններուն մէջ կը բացակայի հակամարտութեան բուն ընթացքի ըմբռնումը եւ ֆրանսական կողմին մօտ, դատելով ամէն ինչէ, կողմերու դիրքորոշումներուն մասին տեղեկատուութիւնը, այդ պատճառով անոնք հնչեցին ոչ ճշգրիտ, ես նոյնիսկ պիտի ըսէի՝ այլասերած, ուստի անընդունելի», յայտնեց Փութին։
«Ֆրանսայի նախագահին այս հարցազրոյցին մէջ Ատրպէյճանի դէմ ուղղուած, հիմնականին մէջ ներքին լսարանի համար նախատեսուած, ամբողջովին կողմնակալ եւ Հայաստանը բացայայտ պաշտպանող յայտարարութիւնները անընդունելի են, եւ մենք կը հերքենք Ատրպէյճանի հասցէին Ֆրանսայի ղեկավարին անհիմն մեղադրանքները», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Պաշտօնական Պաքու նաեւ նշեց, որ Ատրպէյճան՝ նկատի ունենալով տուեալ պահուն Մինսքի խումբի աշխատանքի անկարելիութիւնը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացին մէջ չէ հրաժարած Ֆրանսայի նախագահի միջնորդական նախաձեռնութենէն եւ, Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ, այս տարուան 4 Փետրուարի եւ 6 Հոկտեմբերի քառակողմ հանդիպումներ տեղի ունեցան:
«Սակայն Ատրպէյճանի հասցէին Ֆրանսայի նախագահին հնչեցուցած արտայայտութիւնները լուրջ հարցականի տակ կը դնեն անոր միջնորդական ջանքերուն չէզոքութիւնը եւ անկողմնակալութիւնը: Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն, կայունութիւն, զարգացում ապահովելու, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ յարաբերութիւններ բնականոնացնելու Ատրպէյճանի փորձերու լոյսին տակ, Ֆրանսայի կողմնակալ դիրքորոշումը եւ անհիմն մեղադրանքները կը ստիպեն վերատեսութեան ենթարկելու այդ երկրի միջնորդական ջանքերը», յայտարարեց Պաքու։