Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Թուիթըր»ի վրայ գրառումով մը Ատրպէյճանը մեղադրեց՝ Հայաստանի վրայ նոր յարձակման պատրուակ ստեղծելու մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «Ազատութիւն»ը:
«Ադրբեջանը շարունակաբար Հայաստանին է վերագրում հրադադարի իր իսկ խախտումները: Ակնյայտ է, որ սա Հայաստանի դէմ նոր ռազմական ագրեսիայի (յարձակման) պատրուակի ստեղծում է։ Հրադադարը պահպանելու եւ սահմանների անվտանգութիւնն ապահովելու համար անհրաժեշտ է մշտական միջազգային մեխանիզմ», գրած է Փաշինեան:
Վերջին օրերուն, Երեւան եւ Պաքու գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ զիրար կ՛ամբաստանեն՝ դիրքերը ռմբակոծելու մէջ: Նոյն իրավիճակն էր նաեւ Սեպտեմբերի բախումներէն առաջ:
Միւս կողմէ, Պաքուն «անիրատեսական» նկատեց սահմանի անցակէտերը բանալու Երեւանի առաջարկը, որուն մասին գրած էր Փաշինեան՝ նշելով, որ Պաքու ամիսներ շարունակ չէ արձագանգած Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան հետ կապը ապահովելու համար սահմանին երեք անցակէտ բանալու վերաբերեալ Երեւանի առաջարկին:
«Հայաստան պէտք է հրաժարի կեղծ առաջարկներով Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ Զանգեզուրի միջանցքով ինքնաշարժներու եւ երկաթուղային ուղիները միաւորելու մասին ստանձնած պարտաւորութենէն խուսափելու եւ 20 ամիս տեւած քննարկումները անտեսելու գործելակերպէն. անիկա լաւ քաղաքականութիւն չէ», յայտնեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: