Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ դոկտոր Սարգիս Քէհէաեանին «Բարոյագիտութիւն – Փոլիսոփայական Ակնարկ –» աշխատութիւնը, վերստուգուած եւ ընդարձակուած հրատարակութեամբ՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի մեկենասութեամբ։
Հաստափոր հատորը (շուրջ 630 էջ) կը բաղկանայ 10 մասերէ, որոնք կ՛անդրադառնան բարոյագիտութեան պատմութեան՝ նախասոկրատեան շրջանէն մինչեւ Ժ. դար, մետա-բարոյագիտութեան, բարոյագիտութեան տեսութիւններու եւ քննադատութիւններու, կիրառական բարոյագիտութեան, արեւելեան կրօնափիլիսոփայութեան բարոյագիտութեան՝ Հնդկաստան, Չինաստան, Ճափոն, Պարսկաստան, եւ բարոյագիտութեան հիմնական հասկացութիւններուն։ Աշխատութիւնը կը պարունակէ նաեւ կրճատումներու, մատենագիտական, անուններու եւ բառերու ցանկեր։
Հատորէն օրինակներ ձեռք ձգելու համար կրնաք դիմել կաթողիկոսարանի գրախանութը եւ կամ այցելել գրախանութի www.ciliciabookstore.com կայքէջը: