«Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ գործող Ազգային վարժարանները յաղթական պայծառ հորիզոններու ընդառաջ կանգնած, մնայուն զարթօնքի, նորաւէտ փթթումի եւ անմնացորդ ծաղկումի նշանակալի խորհուրդին մէջ աճ կ՛արձանագրեն, կը զարգանան ու կը բարգաւաճին, հարստացնելով մեր ազգի կեանքը, մեր բոլորին սրտերը լեցնելով հպարտութեամբ եւ ցնծութեամբ», հաստատեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբերին, իր հրաւէրով Ազգային առաջնորդարանին մէջ խմբուած Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, որոնք սրբազան հօր ձեռամբ ստացան առաւել քան 3 միլիոն տոլար արժողութեամբ վճարագիրներ, ներկայ տարեշրջանի ընթացքին, Ազգային Առաջնորդարանին ճամբով, բարերարներու կողմէ տրամադրուած շուրջ 10 միլիոն տոլար յատկացման ծիրին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ, որ այս գումարը պիտի գործածուի Ազգային վարժարաններու վերակազմակերպական, արդիականացման եւ առաւել ծաղկումի ծրագիրներուն, որպէսզի յառաջդիմութիւնը ըլլայ տեսանելի՝ կրթական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը, յանուն Գործադիր իշխանութեան, Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան՝ բարձր գնահատեց Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ազգային վարժարաններու տնօրէնները եւ Ուսումնական մարմինները, բոլոր ուսուցիչները եւ նուիրեալները, որոնք իրենց առաւելագոյն ջանադրութեամբ պայծառ կը պահեն Հայ եկեղեցւոյ կանթեղը եւ մաշտոցեան ճրագը ու ազգային դաստիարակութեան ընդմէջէն կը պատրաստեն հայեցի կրթութեամբ կոփուած սերունդներ:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ դրուատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ նուիրատուներուն մասին, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցի առաքելութեան՝ շեշտելով. «Բի՜ւր օրհնութիւն բոլոր այն բարերարներուն, որոնք սատար կը հանդիսանան հայկական վարժարաններու յառաջդիմութեան եւ իրենց քսակէն բաժին կը հանեն ազգի զաւակներու հայօրէն զգալու, ապրելու եւ գործելու կրթական այնքան էական գործին»:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ ըսաւ, որ այս հանդիպման նպատակը միայն նիւթական զօրակցութիւնը չէ, «այլեւ առաջնորդ սրբազան հօր մտայղացման մարմին տալով՝ ուզեցինք համախմբուիլ Ազգային առաջնորդարանի ծածկին տակ, որովհետեւ մենք բոլորս նուիրեալներ ենք, հետեւաբար, իրաւունք ունինք նաեւ միասին ուրախանալու Ազգային մեր վարժարանները կանգուն պահելու միտող եւ մեր աշակերտութեան հայեցի կրթութեան նպաստող նախաձեռնութեանց համար»:
Ազգային վարչութեան ատենադպիր եւ Ազգային վարժարաններու կապ Ճորճ Չորպաճեան իր կարգին ուրախութեամբ արտայայտուեցաւ Ազգային վարժարանները ծաղկման առաջնորդող համախմբումին առիթով եւ տնօրէններուն ու կրթական պատասխանատուներուն ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ, որ Ազգային առաջնորդարանը տունն է մեր վարժարաններու նուիրեալներուն, ապա յիշեց, որ ինչպիսի բարձր տպաւորութեամբ արտայայտուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, որ կարճ ժամանակ առաջ այցելած էր մեր գաղութը եւ շրջագայած մեր վարժարանները՝ աւելցնելով, որ երկու տարիէ ի վեր առաջնորդ սրբազան հօր տնօրինումով Ազգային առաջնորդարանը նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Լիբանանի Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան: Այնուհետեւ խօսք առաւ Խնամական մարմնի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ստեղծուած առիթին համար՝ յիշելով նաեւ, թէ ինչպէս առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեամբ հայերէնաւանդ ուսուցիչները զանազան առիթներու զանազան ձեւերով կը մեծարուին:
Իրենց կարգին խօսք առին նաեւ Ազգային վարժարաններու տնօրէնները՝ երախտագիտութիւն յայտնելով մասնաւորաբար առաջնորդ սրբազանին եւ ընդհանրապէս Ազգային առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին՝ դիտել տալով, որ անոնք զանազան ձեւերով եւ ընդարձակ ծաւալով զօրավիգ կը կանգնին Ազգային վարժարաններու յաղթական գոյերթին:
Տնօրէնները նաեւ խնդրամատոյց եղան առաջնորդ սրբազանին, որ համաճարակի պատճառով ձգձգուած առաջնորդական իր անդրանիկ այցելութիւնները Ազգային վարժարաններուն ամէնէն մօտիկ ապագային իրականութիւն դառնան՝ քաջ գիտնալով, որ առաջնորդ սրբազան հօր ներկայութիւնը հոգեւոր եւ տօնական բացառիկ մթնոլորտ պիտի ստեղծէ ընդհանրապէս վարժարաններու եւ մասնաւորաբար աշակերտներու կեանքին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ