ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագիրներու շրջանակներով, Նոյեմբեր 7ին սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Արկատի Ղուկասեանի այցը Միացեալ Նահանգներ:
Այցի ընթացքին Ղուկասեան հանդիպումներ պիտի ունենայ ամերիկահայ համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու եւ ներկայացուցիչներու հետ:
Ան պիտի հանդիպի նաեւ հայանպաստ դիրքորոշմամբ յայտնի քանի մը քոնկրէսականներու հետ: Կը սպասուի նաեւ, որ նախագահ Արկատի Ղուկասեան ժամանէ Լոս Անճելըս, ներկայ գտնուելու համար Գոհաբանութեան օրը տեղի ունենալիք թելեթոնին: