Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի սահմաններուն մշտադիտարկումը պիտի կատարէ հիմնականին մէջ ճամբու խումբերու ու հսկող սարքաերու միջոցով, եւ դիտորդական խումբը պիտի ենթարկուի Պրիւքսէլի կեդրոնատեղիին, եւ ոչ թէ կողմերուն։ Ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան հետ զրոյցին ատեն այս մասին ըսաւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք արդիւնքները կրնա՞ն օգտակար ըլլալ, եթէ մշտադիտարկումը կատարուի միայն հայկական կողմին մէջ՝ ան ըսաւ, թէ նախագահ Ալիեւ «յստակ կերպով հասկցուցուած է, որ Պաքու համաձայն է այդ առաքելութեան հետ համագործակցել ուայնքանով, որքանով կը վերաբերի իրեն»:
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ ատրպէյճանական կողմը պիտի համագործակցի առաքելութեան հետ` տեղւոյն վրայ համապատասխան դերակատարներու միջեւ կանոնաւոր շփումներու միջոցով` առանց Ատրպէյճանի մէջ առաքելութեան անդամներու ֆիզիքական ներկայութեան: Յոյս ունինք, որ այս առաքելութիւնը կը ծառայէ նաեւ կողմերուն միջեւ վստահութեան ձեւաւորման», շեշտեց Քլաար՝ աւելցնելով. «Այժմ, թշնամութեան էջը վերջնականապէս շրջելը կարեւոր է, խուսափիլ նախկին սխալներէն եւ դրական հռետորաբանութիւն ապահովել կողմերուն միջեւ` յանուն խաղաղ ապագայի»:
Ան վստահեցնելով, որ այդ ուղղութեամբ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ լուրջ փոխգործակցութիւնը երկու կողմերուն հետ:
Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական 40 դիտորդները յաջորդ շաբաթուան սկիզբը պիտի սկսին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնել հայ-ատրպէյճանական սահմանին բրայ: Այս պահուն դրութեամբ՝ «Ազատութիւն»ը կրցած է պարզել, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդները պիտի տեղակայուին Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ, իսկ Վայոց Ձորի մարզպետ Արարատ Գրիգորեան փոխանցեց, որ տակաւին այս ուղղութեամբ քննարկումներ կը կատարուին, եւ յստակ բան չկայ:
Գեղարքունիքի մէջ դիտորդները պիտի տեղակայուին յառաջիկայ Երեքշաբթի: Մարզպետ Կարէն Սարգսեան ըսաւ, որ անոնք դիտարկումներ պիտի կատարեն 13 Սեպտեմբերի ատրպէյճանական յարձակումէն տուժած հատուածներուն մէջ:
«Մենք այս ընթացքում հանել ենք այն ռիսկային (վտանգ ներկայացնող) մասերը, որտեղ խնդիրներ ենք տեսել, դրա հետ կապուած իրենց ներկայացրել ենք, իրենց հետ որոշակի համաձայնութիւն ունենք, որ այդ հատուածներում իրենք իրենց առաքելութիւնն են իրականացնելու», նշեց Սարգսեան: