Շաբաթ, 15 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, ուր Կիրակի առաւօտեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. պատարագ, նոր միւռոնով կատարեց ջրօրհնէք եւ խօսեցաւ հոգեպարար պատգամ մը, որուն ընդմէջէն վեր առաւ հետեւեալ մտածումը. «Այսօր, մեր կեանքին մէջ համեմատաբար աւելի համարձակ ներկայութիւն է չարը, որուն պատճառով չարութիւնը կը շատնայ աշխարհի երեսին եւ մարդերու կենաց մէջ: Չարին ու չարիքին դէմ պայքարելու ամենաուժեղ զէնքը լոյսն է՝ ոչ սովորական հասկացողութեամբ, այլ լոյս՝ Քրիստոս անուն ճշմարտութիւն հասկացողութեամբ. «Ես եմ Աշխարհի լոյսը»: Թող որ Տէրունական, չսպառող ու կառուցող Լոյսը գերիշխող ներկայութիւն դառնայ բոլորիս կեանքէն ներս, որպէսզի բարիքը շատնայ մարդոց կեանքին մէջ եւ չարիքը ընդմիշտ նահանջէ»:

Ջրօրհնէքի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ նոր միւռոնով օրհնուած ջուրը մաքրէ մարդոց միտքը, հոգին եւ կեանքը ու հայութիւնը առաւելագոյն չափով հաստատ պահէ իր ազգային-քրիստոնէական ինքնութեան մէջ, ապա ողջունեց եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձական կազմը, տեղական միութիւնները եւ կառոյցները ու մերազն ժողովրդեան բոլոր զաւակները՝ աղօթաբար մաղթելով, որ սէրը եւ միութիւնը շատնան ազգի կեանքին մէջ, եղբայրական ոգին նոր ընձիւղներ արձակէ հայ ժողովուրդի զաւակներու բոլոր օրերուն եւ գտնուած բոլոր վայրերուն մէջ:
Նոյն օրը, յետմիջօրէին, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազանին, «Խաչատուրեան» կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը՝ նուիրուած եկեղեցւոյ հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեանի հոգեւոր ծառայութեան: Իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին հնչեցին սրտի խօսքեր: Իր կարգին, հայր սուրբը արտասանեց շնորհակալութեան խօսք մը, որուն ընդմէջէն ան երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ եւ անոր առաքելութեան նկատմամբ ներկաներուն ցուցաբերած բազմամակարդակ զօրակցութեան:
Եզրափակիչ իր խօսքին մէջ Թորգոմ եպիսկոպոսը բարձր գնահատեց հայր սուրբը՝ իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման տասներորդ տարեդարձին առիթով, հաւատք տածելով, որ բացուող նոր տասնամեակը հարուստ իրագործումներով լեցուն նշանակալի ժամանակաշրջան մը կ՛ըլլայ անոր համար, ապա անդրադառնալով Հայ եկեղեցւոյ կարեւոր դերին՝ ան շեշտեց. «Եկեղեցին տէրունական տուն եւ երկինքէն պոկուած հոգեւոր գետին մըն է երկրի վրայ, եւ մենք բոլորս՝ հոգեւորական եւ աշխարհական, սպասաւորներ ու ժողովուրդ, հրաւիրուած ենք առաւելագոյն չափով սատար հանդիսանալու Քրիստոսի՝ յանուն մեզի յանձնած «եկեղեցի» կտակի առաւել պայծառացման»:
Յաջորդ օրերուն, առաջնորդ սրբազանը հանդիպումներ ունեցաւ ազգայիններու եւ կարգ մը բարերարներու հետ՝ նախատեսուած զանազան ձեռնարկներ լաւագոյնս կազմակերպելու նպատակով:
Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբերի առաւօտեան, առաջնորդ սրբազանը Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեանի, շրջանի հոգեւոր հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեանի եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեանի ընկերակցութեամբ՝ պաշտօնապէս այցելեց Զաքարեան-Գռուզեան եւ Վասպուրական Ազգային վարժարանը, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանի եւ Ուսումնական մարմնի ատենապետ Յարութ Մոմճեանի կողմէ:
Յայտնենք, որ Թորգոմ եպիսկոպոսի առաջնորդ ընտրութենէն ետք առաջին այցելութիւնն էր այս՝ տրուած ԳԶՎ Ազգային վարժարանին: Այս առիթով, դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական խնամուած յայտագիր մը, որ մեծապէս խանդավառեց ներկաները: Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազանը շրջագայեցաւ դպրոցի բոլոր բաժիններնը եւ դասարանները ու մտերմաբար զրուցեց մանուկ եւ պատանի հայ աշակերտներուն հետ, ապա մասնակցեցաւ կէսօրուան սիրոյ սեղանին, որուն ընթացքին բարձր գնահատեց տնօրէնուհիին, ուսուցիչներուն, Ուսումնական մարմինին եւ բոլոր նուիրեալներուն ժրաջան աշխատանքը եւ իրենց դպրոցը աւելի պայծառ հորիզոններ առաջնորդելու թէ՛ տեսանելի, թէ՛ շօշափելի, այլեւ յոյժ գովելի միասնական ճիգը, նուիրուելու ոգին ու յարատեւման կամքը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
