Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, աշխարհի երիտասարդական բաժինի ախոյեան Լիանա Գիւրջեան (81 քլկ.), նախորդ շաբաթավերջին երրորդ անգամ ըլլալով (նախապէս՝ 2019ին եւ 2021ին) տիրացաւ Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ոսկի մետալին:
Նոյն դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանէն Էմմա Պօղոսեան հանդիսացաւ փոխախոյեան։
23 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Արա Աղայեան Հայաստանի համար ապահովեց ոսկի մետալ մը (96 քլկ.), իսկ 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հայաստանի համար արծաթ մետալ մը ապահովեց Պետրոս Պետրոսեան (102 քլկ.):
Աղջկանց 20 տարեկանէն վար մրցումներուն, Մերի Թումասեան տիրացաւ պրոնզ մետալին։
20 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, իր կարգին ոսկի մետալի տիրացաւ երիտասարդներու աշխարհի փոխախոյեան Սուրէն Գրիգորեան (89 քլկ.):