20-22 Հոկտեմբեր 2006ին, Մոնթեպելլոյի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը, որու ընթացքին ժողովականները բարձր գնահատեցին ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը: Ժողովը յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան համար նոր բանաձեւեր որդեգրեց եւ ընտրեց յառաջիկայ երկու տարիներուն համար նոր Շրջանային վարչութեան կազմ:
Առաջին երեք ամիսներուն, նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը ուսումնասիրեց Շրջանային ներկայացուցչական ժողովի բանաձեւերը, հետեւեցաւ մասնաճիւղերու տարեկան ընդհանուր ժողովներուն, շարունակեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ձմեռնային մարզախաղերը եւ իրականացուց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութենէն փոխանցուած աշխատանքները:
Նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը շաբաթական իր ժողովներէն անկախ, Յունուար 2007ի շաբաթավերջերուն, յատուկ հանդիպումներ ունեցաւ եւ երկամեայ գործունէութեան իր ծրագիրը պատրաստեց:
Ծրագրման այս աշխատանքներու եզրափակիչ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Յունուար 2007ին, ՀՕՄի Կլէնտէյլի կեդրոնը: Առաւօտեան ժամը 9ին, հաւաքական նախաճաշէն ետք, հանդիպման բացումը կատարեց ատենապետ Սթիւ Արթինեան, որ առաջին հերթին բարի գալուստի խրախուսական իր պատգամը փոխանցելէ ետք, ներկայացուց օրուան օրակարգի կէտերը եւ խնդրեց ժողովականներէն իրենց առաւելագոյն ներդրումը բերեն երկամեայ ծրագրի աշխատանքներու վերջնականացման գծով:
Ժողովականները անգամ մը եւս վերաքաղ մը կատարեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային 28րդ Ներկայացուցչական ժողովին կողմէ վաւերացուած բանաձեւերուն վրայ եւ անոնց վրայ հիմնուելով վերջնականացուցին Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան կարեւոր նպատակները, որոնք գլխաւորաբար պիտի իրականացուին շրջանային յանձնախումբերու միջոցաւ: Այս իմաստով արդէն իսկ նշանակուած են շրջանային Սկաուտական եւ Մարզական խորհուրդները, նոր կեդրոնի գնման, դաստիարակչական, մամուլի, հանրային կապի, շուկայական, կազմակերպչական եւ Շրջանային վարչութեան աշխատանքներուն գլխաւոր առանցքը հանդիսացող Նաւասարդեան գլխաւոր յանձնախումբերը:
Ներքին կազմակերպչական իմաստով, ժողովականները գլխաւորաբար կեդրոնացան ապագայ ղեկավարներու պատրաստութեան, միջ-մասնաճիւղային կապերու զօրացման եւ միասնական ծրագիրներու գործադրութեան, մասնաճիւղերու վարչութիւններու համագործակցութեան եւ այլ աշխատանքներու նախաձեռնման վրայ, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հոգածութեան յանձնուած երիտասարդութեան առողջ միջավայր մը ապահովուի: Այս գծով կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ համագործակցութիւնը գաղութի ղեկավարութեան եւ տեղական քաղաքական առաջնորդներուն հետ, յօգուտ մեր երիտասարդութեան զարգացման եւ գիտելիքներու հարստացման:
Խիստ անհրաժեշտ համարուեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ամերիկեան սկաուտութիւն (BSA) գործակցութեան ամրապնդումը: Հ.Մ.Ը.Մ.ը իբրեւ տեղական երիտասարդական կազմակերպութիւն, ինքնաբերաբար անդամ է Ամերիկեան սկաուտութեան եւ յատուկ ջանք կը թափուի, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր առանձին Սկաուտական խորհուրդը ունենայ անոնց մօտ, որպէսզի իբրեւ թիւ եւ որակ առաւել ներկայութիւն ըլլալով, հայութիւնը ծանօթացնէ նաեւ Ամերիկեան սկաուտութեան շարքերուն: Այս գծով պէտք է ընդգծել, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար Ազգային առաջնորդարանի գլխաւորած «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» կրօնական շքանշանը արդէն իսկ ճանչցուած է Ամերիկեան սկաուտութեան մօտ եւ իր մանրամասնութիւններով մաս կը կազմէ անոնց հրատարակութիւններուն:
Ժողովը նաեւ կարեւոր գտաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս զարկ տալ հայեցի դաստիարակութեան, արմատաւորելով անոնց մէջ ազգային գիտակցութեան ոգին: Այս մտահոգութեամբ շեշտը դրուեցաւ հայրենիքի հետ աշխոյժ գործունէութեան, յատկապէս մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներու մասնակցութեամբ:
Մասնաճիւղերու հզօրացումը խիստ էական է: Ժողովը այս գծով կեդրոնացաւ մասնաճիւղերու հզօրացման հրամայականին վրայ եւ որոշեց ի հարկին որակաւոր ծրագիրներ տրամադրել եւ օժանդակել անոնց գործադրութեան:
Զարկ տալ եւ անպայման իրականացնել նոր կեդրոնի մը, ինչպէս նաեւ մարզադաշտերու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յատուկ բանակավայրի մը գնումը, որպէսզի հայ երիտասարդութիւնը առաւել համախմբուած մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին տակ:
Նիւթական մնայուն աղբիւրներու գծով, անհրաժեշտ գտաւ հիմնադրամներու ստեղծումը եւ բնական է՝ անոնց օգտաւէտ օգտագործումն ու ղեկավարումը:
Շրջանային վարչութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերը շրջանի մեծագոյն եւ ամենաբազմանդամ հրապարակային նախաձեռնութիւնն է, որ ոչ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի, այլ նաեւ շրջանի հայութեան հպարտանքը դարձած է, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով նաեւ օտար հասարակութեան մօտ: Շրջանային վարչութիւնը անգամ մը եւս արժեւորեց Նաւասարդեան մարզախաղերը եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները եւ անհրաժեշտ գտաւ անոնց բարելաւումը, յատկապէս նորութիւններ բերելով անոնց մէջ:
Բնական է, նման ծրագիրներու իրականացումը հաւաքական աշխատանքի կը կարօտի, որուն համար Շրջանային վարչութիւնը կը վստահի իր յանձնախումբերուն ու մասնաճիւղերուն: