Ֆրանսիս պապը 25 Հոկտեմբերին ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Վատիկան գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը:
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման կարելիութեան համար, Միրզոյեան պապին փոխանցեց հայ ժողովուրդին եւ կառավարութեան ջերմ ողջոյնները: Ան ըսաւ, որ Վատիկան իր այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին, եւ անիկա լաւ կարելիութիւն է` քննարկելու դարաւոր պատմական կապերու եւ հոգեւոր արժէքներու վրայ հիմնուած երկկողմ յարաբերութիւնները:
Միրզոյեան երախտագիտութիւն յայտնեց 44օրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդած ժամանակաշրջանին պապին կողմէ հնչած խաղաղութեան բազմաթիւ ուղերձներուն եւ կոչերուն համար:
Ան պապին ներկայացուց շրջանին իրավիճակը` ընդգծելով մարդասիրական հարցերու հասցէագրման կարեւորութիւնը եւ այս առթիւ պապին փոխանցեց Հայաստանի վարչապետին ողջոյնը։