ՀՄԱԿի Երէցներու միութեան Արհեստից բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ՝ 14 Հոկտեմբերի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Հայ մշակոյթի տօնին նուիրուած ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-մրցոյթը։
Անոր կը մասնակցէին 343 մանուկ-պատանի-երիտասարդներ՝ «Արաքս», «Գիւլբենգեան», «Նայիրի», «Արարատ» եւ «Շանթ» դպրոցներէն, նաեւ «Էլպիս Ֆերահեան» եւ «Մարիամ» մանկապարտէզներէն, «Ակունք» կեդրոնէն, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայէն եւ «Մեղրի» արուեստանոցէն աշակերտներ, ինչպէս նաեւ ՀՄԱԿի Արուեստից ու Սկաուտական միութիւններու անդամներ։
Ամառնային ընթրիքներու շրջափակին մէջ տեղադրուած եւ ցուցադրուած էին արուեստասէր մասնակցողներուն գեղեցիկ աշխատանքները, որոնք կը դիտուէին մեծ ոգեւորութեամբ ու գնահատանքով։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երէցներու միութեան նախագահ Հենրիկ Բաբա Ահարոնեան, որ ողջունեց ներկաները եւ գնահատեց ներկայացուած աշխատանքները։
Բոլոր մասնակցողները ստացան նուէրներ։ Ապա իրաւարարներուն՝ Լուսինէ Յարութիւնեանի եւ Հերմինէ Բեգլարեանի, միջոցով անոնք ստացան գնահատականներ։
ՀՄ «ԱՐԱՐԱՏ» ԿԵԴՐՈՆ