Կիրակի, 23 Հոկտեմբերին,Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեան ներկայացուց իր վերջին ՝ Artsakh: The Photographer’s Eye եւ Armenia Heaven on Earth գիրքերը: Հրայր Բազէ լուսանկարած է Հայաստանի, Արցախի, Խրիմի, Իրանի, Լիբանանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ սրբատեղիներ:
Եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, ներկայացուց լուսանկարիչ-հեղինակ հիւրը. Որ նկարագրեց իր կատարած բազմաթիւ ճամբորդութիւնները աշխարհի շուրջ, վերջին երեսուն տարիներուն եւ հիւրերուն հետ բաժնեկից եղաւ իր նկարներուն, հայ մշակոյթի եւ ժառանգութեան շուրջ իր ուրոյն տեսանկիւնը ներկայացնելով։