
Նստած ձախէն աջ՝ Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայն, դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, Զաւէն Խանճեան, վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, վեր. Յովէլ Միքայէլեան, վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան:
Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը իր լիագումար նիստը գումարեց 20-21 Հոկտեմբեր 2022ին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Փըրեմըս, Նիւ Ճըրզի:
Դիւանի անդամներուն եւ եկեղեցական միութիւններու ու բարեգործական կազմակերպութիւններու գրաւոր եւ բերանացի տեղեկագիրները ներկայացնելէ ետք, ժողովը քննեց օրակարգի նիւթերը եւ համապատասխան որոշումներ տուաւ եկեղեցական միութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ արտերկրի հայութիւնը յուզող հարցերու գծով:
Ընթացիկ տարուան՝ 2022 տարեշրջանին, Հայաստանի մէջ 1էն 7 Յուլիս տեղի ունեցած Հայց. աւետարանական եկեղեցւոյ 175ամեակի տօնակատարութիւնները վերատեսութեան առարկայ դարձան եւ խորհուրդը իր խոր գնահատանքը յայտնեց զանոնք ծրագրած եւ գործադրած վարիչ յանձնախումբին:
Ութ անդամներէ բաղկացած յանձնաժողով մը նշանակուեցաւ սերտելու համար 175ամեակի համաժողովէն բխած նիւթերը եւ հարցերը ու իր որոշումները յանձնելու ՀԱՀԽի գործադիր յանձնախումբի 2023ին տեղի ունենալիք ժողովին:
Տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւնը, որ ներկայացուց հետեւեալ պատկերը՝ դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան՝ նախագահ, վեր. Ալպերթ Փայտյան՝ փոխնախագահ, վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան՝ ատենադպիր, դոկտ. Նուրհան Հելվաճեան՝ գանձապահ եւ վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան՝ գործադիր տնօրէն:
Խորհուրդը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց 12 Սեպտեմբեր 2022ին, Հայաստանի հարաւային շրջաններուն մէջ Ատրպէյճանի բանակի յարձակումին զոհ դարձած հայորդիներուն: Ապա, ժողովը դատապարտեց Ատրպէյճանի նախայարձակ զինեալ գործողութիւնները եւ շարունակական յարձակումները եւ սպառնալիքները, որոնք բացայայտ քայլեր են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ ապահովութեան դէմ:
Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը իր ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն եւ հայոց բանակին: Անիկա նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ միջազգային հանրութեան՝ անմիջապէս կասեցնլու Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները:
Խորհուրդը նաեւ քննարկեց Միջին Արեւելքի՝ Սուրիոյ, Իրաքի եւ յատկապէս Լիբանանի հայ գաղութներուն իրավիճակը: Անիկա իր գնահատանքը յայտնեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, որ ի հեճուկս այդ շրջանի քաղաքական բարդ կացութեան եւ տնտեսական լուրջ տագնապին՝ կը շարունակէ իր դժուար բայց հաստատ երթը, յաղթահարելով բազմատեսակ մարտահրաւէրներ: Խորհուրդը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀԱՀԽի անդամ եկեղեցական քոյր միութիւններուն եւ աւետարանչական կազմակերպութիւններուն, ինչպէս «Յոյս Հայաստանի Համար», «Ստեփան Փիլիպոսեան» հիմնարկութեան, եւ մասնաւորապէս Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան իրենց ցուցաբերած բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան համար: Խորհուրդը նաեւ որոշեց շարունակել իր զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն այնքան ատեն որ օգնութեան կարիքը կայ:
Ի տես ներկայ քաղաքական լարուած եւ լուրջ կացութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններուն ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգներուն՝ Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան, որ մէկդի թողուն իրենց քաղաքական եւ գաղափարական տարբերութիւնները ու միաբանութեան ոգիով ապացուցանեն մէկ եւ միասնական ազգ ըլլալու հաւատամքը՝ ի սէր մեր հայրենիքի ազատութեան եւ ապահովութեան: