

ԼՈՒԻԶԱ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Հինգ տարիներու բացակայութենէ ետք, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան տարեժողովը եւ ճաշկերոյթը վերադարձաւ Փըրեմըս, Նիւ Ճըրզի, ուր կը գտնուի անոր գլխաւոր կեդրոնատեղին: Ընկերակցութեան 103րդ տարեկան համաժողովը տեղի ունեցաւ Փըրեմըսի Հայ Երիցական եկեղեցւոյ մէջ, Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2022ին: Աւետարանչականի նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեանի անակնկալ բացակայութեան պատճառով, ժողովը վարեց ընկերակցութեան փոխնախագահ իրաւաբան Կերի Ֆիլիփս:
Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիներու (Հայաստան,Արցախ) աւագ հովիւ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան մատուցեց բացման աղօթքը եւ կարճ խորհրդածութիւն մը: Խորհրդածութիւնը հիմնուած էր Եսայի 40. 1-3 համարներուն վրայ: Վեր Յովսէփեան, կեդրոնանալով հայ ժողովուրդին դիմա այսօր ծառացած իրավիճակին վրայ՝ ըսաւ. «Անորոշութեան, կորուստներու, տնտեսական ճգնաժամի ժամանակ՝ երբ մեր վերահսկողութենէն դուրս բաներ տեղի կ՛ունենան, պատերազմի, անկայունութեան ժամանակ՝ երբ հզօր պետութիւններ կը լսեն կամ կը միջամտեն միայն իրենց օգտին, երբ կը թուի, թէ այլեւս յոյս չկայ, եւ ոչ ոք պատրաստ է օգնելու, երբ կը թուի, թէ այս է վերջը՝ Աստուած կը խօսի Իր ժողովուրդին Իր հաւատարիմ մարգարէին միջոցով եւ կը յիշեցնէ մեզի Բարի Լուրը«: Ապա ան ներկաներուն կոչ ըրաւ՝ «այս անորոշ ժամանակներուն, անյայտ ապագայի անապատային այս ժամանակներուն, ըլլալ այն ձայնը, որ քնքշութեամբ կը խօսի կորածներուն հետ՝ բարձրաձայն աղաղակելու եւ հռչակելու Բարի Լուրը՝ Աւետարանը անոնց, որոնք կը տառապին եւ պատրաստեն Տիրոջ ճանապարհը մեր ժամանակներու անապատին մէջ»:
Աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան ներկայացուց ընկերակցութեան 2021-2022 տարեշրջանի գործունէութիւններու տեղեկագրութիւնը:


Տեղեկագրութիւններ ներկայացուեցան նաեւ Աւետարանչականի նախագահին, յանձնախումբերու ատենապետներուն, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանական միութիւններու, Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի եւ յարակից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Անոնք զեկուցեցին անցնող տարեշրջանի իրենց գործունէութիւններուն մասին, ներկաներուն հետ կիսեցին իրենց ուրախութիւնները եւ մտահոգութիւնները ու փառք տուին Աստուծոյ՝ իրենց իրականացուցած բոլոր գործունէութիւներուն համար, յետ «Քովիտ» համաճարակի շրջանին:
Տարեկան համաժողովի աւարտին կարդացուեցան անունները աւետարանչականի վարչութեան նորընտիր անդամներուն, որոնք ընտրուած էին երեք տարուան ծառայութեան համար, փոխարինելով իրենց ծառայութեան շրջանը աւարտած անդամները. ԼինտաՔէյ Ապտուլեան, Պրայըն Աղպապեան, Կրէկօրի Պիլիզէքեան, Ֆիլիս Տոհանեան, վեր. դոկտ. Հայկ Խրլոփեան, դոկտ. Նուրհան Հելվասեան, իրաւափան Մարք Գասապեան, Արտա Մելքոնեան եւ Միշել Սիմուրեան:
Աւետարանչականի 103րդ տարեկան ժողովը եզրափակուեցաւ Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի նախագահ եւ Ֆրանսայի Իսի-լէ-Մուլինօ շրջանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ժոէլ Միքայելեանի փակման աղօթքով:
Աւետարանչականի տարեկան համաժողովին առընթեր, 20-21 Հոկտեմբերի օրերուն տեղի ունեցան նաեւ ընկերակցութեան Վարչական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի ժողովները:
Կիրակի, 23 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ աւետարանչականի տարեժողովի պաշտամունքը Փըրեմըսի Հայ երիցական եկեղեցւոյ մէջ: Միհրան Ճիզմէճեան մատուցեց հայերէն քարոզը իսկ վեր. դոկտ. Հայկ Խրլոփեան՝ անգլերէն քարոզը:
Պաշտամունքին ընթացքին, յատուկ աղօթք մատուցեց Լոս Անճելոսի Միացեալ Հայ աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւը՝ վեր. Յարութ Խաչատրեան, յիշելով այն բոլոր աւետարանչականի անդամները, որոնք անցնող տարեշրջանին այս կեանքէն անցան յաւիտենականութեան: Իսկ աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի անդամներուն պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը կատարեց Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէնը՝ վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան:

«Յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Հայ Երիցական եկեղեցւոյ անդամներուն եւ անոր հովիւ վեր. ՃոզէՖ Կարապետեանին՝ իրենց ջերմ հիւրընկալութեան համար: Կ՛աղօթենք, որ Աստուած շարունակէ առատօրէն օրհնել այս եկեղեցին եւ անոր ծառայութիւնը Պըրկըն Քաունթիի շրջանին մէջ» Խանճեան:
Իբրեւ Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին՝ առանց խտրութեան: Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ՝ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ, ներառեալ՝ Հայաստանի եւ Արցախի: Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել աւետարանչականի www.amaa.org. կայքը։