ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը Երկուշաբթի օր մերժեց 2017ին խաղաղ ցուցարարներ ծեծած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ շարունակուող դատերը կասեցնելու Անգարայի դիմումը:
Քրտական, հայկական, եզիտի, ասորական եւ քրիստոնէական շարք մը կազմակերպութիւններու կողմէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած ցոյցին մասնակցողներուն վրայ Էրտողանի թիկնապահներուն վայրագ յարձակումներուն պատճառով վիրաւորուած էին կարգ մը անձեր, որոնցմէ երկու խումբեր, մէկը՝ 15 հոգինոց, իսկ երկրորդը՝ 5 հոգինոց, դատ բացին Անգարայի դէմ, միլիոնաւոր տոլարի վնասուց հատուցում պահանջելով։