Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի անդամները, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ՝ 3 Նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ պիտի մասնակցին սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովներու երրորդ նիստին:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին հաղորդեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն։