Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւս. Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի դիւանը Պըրպէնքէն կը հաղորդէ, թէ անցեալ տարուան Սեպտեմբերէն ի վեր առաջնորդարանէն ներս ծառայող՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան Ս. Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ:
Հայր սուրբը իր պաշտօնը ստանձնեց Յունուար 8, 2007: Իսկ իբրեւ հոգեւոր հովիւ, իր առաջին պատարագը պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ Կիրակի, Յունուար 14ին, 2007: Արարողութեան պիտի նախագահէ առաջնորդ սրբազանը եւ պիտի կատարէ նաեւ պաշտօնի հաստատման կարգը:
Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեան, աւազանի անունով Խաչիկ, ծնած է Երուսաղէմ, 1946ին: Աւարտած է տեղւոյն Ժառանգաւորաց վարժարանը եւ ընծայարանի բաժինը եւ 1966ին աբեղայ ձեռնադրուած է պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ: Վարդապետական գաւազան ստացած է 1968ին: Վանքէն ներս վարած է զանազան պաշտօններ: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանի, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Ամերիկեան քոլէճին մէջ՝ հետեւելով քաղաքական գիտութեանց եւ արժանանալով Պսակաւոր արուեստից տիտղոսին:
Ամերիկայի մէջ վարած է զանազան հոգեւոր պաշտօններ, զանազան համայնքներու ծուխերէ ներս: Եղած է անդամ Թեմական խորհուրդի, իսկ Երուսաղէմի մէջ, 6 տարի վարած է Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ ընծայարանի տեսուչի պաշտօնը: