
Իրանեան Sahar TV կայանին պատրաստութեան մէջ գտնուող վաւերագրական ֆիլմը կը պատմէ Հայտար Ալիեւի (Ատրպէյճանի նախկին նախագահը եւ գործող նախագահի հայրը) եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ անոր ունեցած կապերուն մասին, կը գրէ «Թելեկրամ»ի «Ռայպըր» ալիքը։
«Ֆիլմին մասին YouTube-ի վրայ հրապարակուած ծանուցումը բաւական մեծ արձագանգ յառաջացուցած է Իլհամ Ալիեւի վարչակազմին մօտ։ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը զգալի ջանքեր գործադրած է դիւանագիտական ուղիներով՝ ֆիլմին ազատ հասանելիութիւնը կամ առնուազն անոր ատրպէյճաներէնով հեռարձակումը արգիլելու համար։
«Նկատելի է, որ Իրանի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ հակակառավարական ապստամբութիւններ հրահրելու՝ Ատրպէյճանի փորձերէն ետք, Թեհրանի մէջ Պաքուի նկատմամբ մօտեցումը փոխուած է։
«Դատելով ամէն ինչէ՝ Իրանի մէջ գիտակցած են դատարկ սպառնալիքներու եւ անգործութեան վտանգը եւ պարզապէս սկսած են պաշտպանել իրենց շահերը։ Կը թուի, թէ Արցախի հարցը ուժով լուծելու եւ Իրանի մէջ միջցեղային հակամարտութիւն հրահրելու՝ Ալիեւի հետագայ փորձերը պիտի բախին խիստ հակազդեցութեան։ Այժմ Իրանի մէջ սկսած է մշակուիլ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի թալիշեան պատմական տարածքին մէջ հանրաքուէ իրականացնելու բեմագիրը՝ ընդօրինակելով իրենց հակառակորդին մարտավարութիւնը։ Ծագումով ատրպէյճանցիներով եւ թուրքերով բնակեցուած տարածքին մէջ Ալիեւներու ընտանիքի «կմախքները» բացայայտող վաւերագրական ֆիլմի հրապարակումը լուրջ հարուած պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի նախագահի դիրքերուն։ Այս կ՛ըմբռնէ Պաքուն, եւ գլխաւորաբար այդ պատճառով է, որ ատրպեճանական լրատուամիջոցները վերջերս փոխած են Իրանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու լուսաբանման բնոյթը՝ անցնելով աւելի չափաւոր ոճի», կ՛եզրակացնէ «Ռայպըր»ը։