Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ֆրանսացի իր գորընկերոջ՝ Քաթրին Քոլոնային ներկայացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման վերաբերեալ վերջին զարգացումները, Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին եւ տարածաշրջանին մէջ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Միրզոյեան ընդգծեց, որ «Ադրբեջանի առաւելապաշտական մօտեցումներն ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը խաթարում են տարածաշրջանում անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատմանն ուղղուած ջանքերը»:
«Արարատ Միրզոյեանը երախտագիտութիւն է յայտնել Կատրին Կոլոննային Սեպտեմբերի 13-14 ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ադրբեջնական ագրեսիայի (յարձակումի) հետեւանքների վերացման առնչութեամբ ֆրանսիական կողմի սկզբունքային դիրքորոշման համար: Միաժամանակ բարձր է գնահատուել Ֆրանսիայի` որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրի դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի առաջմղման գործում», կ՛ըսուի նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Երկուստեք կարեւոր համարած են 6 Հոկտեմբերին Փրակի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպման ընդունուած յայտարարութիւնը: Նախարարաները անդրադարձան նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան եւ կարիքներու գնահատման ԵԱՀԿի առաքելութեան գործունէութեան վերաբերող հարցերու:
Միրզոյեան եւ Քոլոնա քննարկեցին նաեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան հարուստ օրակարգին վերաբերող հարցեր: