

Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբերին, կ.ե. ժամ 3-6, Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Սիէթըլէն արուեստագէտ Մարինէ Զուլոյեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին բացումը։
Բացման ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ արուեստագէտը։
«Սիրտս Պաստարի Վրայ» խորագրուած ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 19 Յունուար։
Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանի հասցէն է՝ 550 E. Shaw Ave. Fresno CA 93710։ Անիկա բաց է Երկուշաբթիէն Հինգշաբթի՝ կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 3։