ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի պատգամաւոր Յակոբ Յակոբեանի գործով դատախազութիւնը կը կատարէ նախաքննութիւն: Գործով բոլոր հանգամանքները, բոլոր ապացոյցները մանրազնին կը վերլուծուին եւ կը գնահատուին: Նոյեմբեր 8ին հրաւիրած ասուլիսի ընթացքին նշեց գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան եւ յայտնեց, որ դատախազութիւնը պարտաւոր է գործը մանրակրկիտ ուսումնասիրել՝ հաշուի առնելով նաեւ այն հանգամանքը, որ տնտեսական բնոյթի քրէական գործը կը վերաբերի ԱԺ պատգամաւորին:
Ըստ գլխաւոր դատախազին, Յ. Յակոբեանի գործով կան տնտեսական բնոյթի լուրջ յանցագործութիւններ, որոնք կատարուած են 1991էն ի վեր:
Այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ 1991էն ի վեր կատարուած յանցագործութիւնները միայն այժմ կը բացայայտուին, գլխաւոր դատախազը պատասխանեց, որ տնտեսական բնոյթի յանցագործութիւններու բացայայտման ժամանակ նման դէպքեր յաճախ կը հանդիպին եւ տնտեսական իւրաքանչիւր գործով սա ընդունելի հանգամանք է: