Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Լիբանանի մէջ ունեցած իր լիագումար նիստերէն ետք այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան յառաջիկայ ծրագրային առաջնահերթութիւնները եւ աշխատանքային ուղեգիծը:
Վեհափառը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Համազգայինի կատարած կրթական եւ մշակութային գործունէութեան: Ան ողջունեց Մարսէյի ճեմարանը նոր կառոյցներով ընդարձակելու Համազգայինի կարեւոր իրագործումը: Խօսելով մշակոյթի մարզին մէջ Համազգայինի դերակատարութեան մասին՝ կաթողիկոսը, ներկայ ժամանակներուն աւելի քան երբեք, առանցքային համարեց անոր աշխատանքը, երբ հայ կեանքին մէջ սկսած են նահանջել մեր մշակութային արժէքները: Հայու ինքնութեան պահպանման մեր պայքարին մէջ կենսական է մշակոյթը: «Մեր մշակոյթին պահապանը եւ առաքեալը դարձած է Համազգայինը, հայ եկեղեցւոյ կողքին», ըսաւ վեհափառը:
Ան նաեւ անդրադարձաւ տասնամեակներու վրայ տարածուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Համազգայինի միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան եւ շեշտեց այդ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարեւորութիւնը հայակերտումի՝ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ մշակոյթի այլ կալուածներու մէջ: