
Յայտարարութիւններ
ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ
ՔԼՕՎԻՍ, Նոյեմբեր 26, Կիրակի կէսօրէն վերջ ժամը 1ին, ընկեր Էմիրզեանի բնակարանին մէջ։
Ստիպողաբար կը հրաւիրուին բոլոր ընկերները։
Ներկայ կ՛ըլլայ ընկ. Մ. Օզանեան։
ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ ԶՕՐԱՎԱՐ ՍՄԲԱՏԻ
ՀՅԴ Ռիտլիի կոմիտէին կողմէ կազմակերպուած, ընկեր Լեւոն Նազարեանի բնակարանին մէջ։ Նոյեմբեր 25, Շաբաթ երեկոյեան։
ԶԱՒԵՇՏԱԽԱՂ
Ֆրէզնոյի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Եկեղասիրաց տիկնանց ընկերակցութիւնը կը պատրաստուի զաւեշտախաղ մը ներկայացնել Նոյեմբեր 25ին։
Տոմսերուն գինն է 50 սէնթ։
Կը խնդրենք, որ բարի ըլլաք եւ այդ օրը չմոռնաք։
Հասոյթը պիտի յատկացուի Հայ դպրոցին, տեղւոյն հայ կարօտեալներուն եւ եկեղեցւոյ պէտքերուն։
Վարչութիւն
Նոյեմբեր 24, 1922, թիւ 909