Շուէտի խորհրդարանը հաստատեց սահմանադրական այն փոփոխութիւնը, որ պահանջուած էր Թուրքիոյ կողմէ, Շուէտի ՆԱԹՕի անդամակցութեան իբրեւ նախապայման, կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»ը:
349 պատգամաւորէն 278ը թեր քուէարկեցին փոփոխութեան առաջարկին, որ կը նախատեսէ խստացնել ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքները:
Ըստ Շուէտի օրէնքներուն՝ նախապէս բաւական չէր ոեւէ մէկուն նկատմամբ քրէական գործ սկսիլ պարզապէս միայն ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ կապ ունենալուն համար: Այժմ այդ գործընթացը աւելի դիւրացուած է:
Փոփոխութիւնը կիրառութեան պիտի դրուի 1 Յունուարի 2023ին:
Նշենք, որ Շուէտի նորանշանակ վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսոնի արտասահմանեան առաջին այցելութիւնը եղած էր դէպի Թուրքիա։ Ան հանդիպած էր նախագահ Էրտողանի հետ եւ քննած երկկողմ, ինչպէս նաեւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕի անդամակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: