
Համազգայինի Կլենտէյլի «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղը կը հրաւիրէ ձեզ եւ ձեր բարեկամները իր յառաջիկայ կրթական եւ զուարճալի ձեռնարկին՝ «Նկարչութեան Երեկոյ»ին:
Նկարչութեան այս հաճելի երեկոն տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնի «Իսահակ Եւ Ճանէթ Քազանճեան» սրահին մէջ, Ուրբաթ, 25 Նոյեբմերի երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ. անոր ընթացքին դուք, ձեր բարեկամները եւ ընտանիքի անդամները առիթը պիտի ունենաք ստեղծագործելու ձեր ուրոյն կտաւը՝ ներշնչուած հայկական ծնունդի ընտրուած պատկերներէ, նկարիչ արուեստագէտ Լիզա Տէր Մինասեանի ղեկավարութեամբ:
Մասնակցողները առիթը պիտի ունենան իրենք-զիրենք սպասարկելու հայկական խորտիքներով, ղափամայով, պանիրով, փիլաւով եւ այլ համադամ պատառիկներով՝ հայկական գինիի հետ, մինչ անոնք կը զբաղին նկարչութեամբ՝ արուեստագիտուհիին առաջնորդութեամբ:
Զուարճութեամբ լի երեկոյէն ետք, դուք սրահէն պիտի մեկնիք հին եւ նոր ընկերներու հետ՝ ձեր ձեռակերտ կտաւը շալկած:
Յոյս ունինք, որ կը կարենանք հիւրընկալել մեծաթիւ մասնակցողներ: Կը խնդրենք շուտափոյթ պատասխանել այս հրաւէրին եւ ձեր տեղը գրաւել՝ հեռաձայնելով (323) 258-1408 թիւին կամ գրաւոր պատգամ ուղարկելով (818) 807-8062 թիւին:
Հասցէ՝ Glendale Youth Center, 211 Chestnut Street, Glendale, CA 91204։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ